image

Սրբադասման ճամբուն վրայ. Կարտինալ Աղաջանեանի անփուտ մարմինը Հռոմէն Պէյրութ պիտի փոխադրուի

 Սրբադասման ճամբուն վրայ. Կարտինալ  Աղաջանեանի  անփուտ մարմինը    Հռոմէն Պէյրութ պիտի  փոխադրուի
Կարտինալ  Աղաջանեան իսկապէ՛ս կը փայլէր ուղղամտութեամբ եւ յստակատեսութեամբ: Իր հաւատքի, սիրոյ և մերձաւորի ծառայութեան միջոցով,  ան սիրոյ լեզուն ապրեցաւ։ Լռութեամբ, խոնարհութեամբ և վկայութեամբ, անխոնջ ծառայելով եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան։

 

Ուրախութեան  օրեր կ՚ապրին Հայ  Կաթողիկէ համայնքը, աշխարհով  մէկ սփռուած հայութիւնը ու    ամբողջ Լիբանանը։ 

Երանութեան  դատին յանձնուած եւ Հայ Կաթողիկէ Միաբանութեան  եռամեծ   միաբաններէն Կարտինալ   Գրիգոր Աղաջանեանի  աճիւնները    (անփուտ  մարմինը) օրեր յետոյ  Հռոմէն պիտի փոխադրուին   Լիբանան ու ապա,   յետ   կրօնական   արարողութեան՝ պիտի հանգչին  Պէյրութի   կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող  Սուրբ Եղիա   եկեղեցւոյ    շրջափակին մէջ  կառուցուած   շիրիմին մէջ։

Նուիրումով,   քրիստոնէական սիրով   եւ ծառայութեան ոգիով փայլող Կարտինալ  Աղաջանեանի աւանդը    շատ մեծ է,  ու անոր փայլն ու քրիստոսաւանդ էութիւնը  հպարտանքի առիթներ   կը բաշխեն ամբողջ հայութեան համար։

Լիբանանահայութիւնն ու Լիբանանի  հաւատացեալ  հանրութիւնը հրաւիրուած  են        ներկայ  գտնուելու այս    պատմական  արարողութեան, որ   նաեւ կարեւոր  փուլ մը պիտի հանդիսանայ   հայազգի Կարտինալի սրբադասման  ճանապարհին։

 

Կենսագրական  գիծեր  Կարտինալ  Աղաջանեանի 

 

 Հայ  Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայազգի գործիչ, կարտինալ  Գրիգոր Աղաճանեանը Վատիկանի կողմէ սրբացման ճանապարհին է: Ան ծնած է 1895-ին՝ Ախալցխա: 

Նախահայրերը 1828-ի ռուս-թրքական պատերազմի օրերուն Կարինէն գաղթած էին Կովկաս: Փոքր տարիքին մահացաւ հայրը եւ փոքրիկ Ղազարոս եղբօր` Պետրոսի եւ քրոջ` Եղիսաբէթի հետ մնաց մօր` Իսկուհի Սարուխանեանի խնամքին տակ։

 

Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին Կարապետեան վարժարանին մէջ։ Կովկասի հայ կաթողիկէ կոչումներու յանձնախումբի տնօրէն հայր Սարգիս Տէր Աբրահամեան 1906-ին Ղազարոսը կ'ուղարկէ Հռոմ, ուսումը շարունակելու համար Ուրպանեան համալսարանին մէջ: Յաջողութեամբ կ՛աւարտէ ուսումնարանը եւ այնուհետեւ կը հմտանայ իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան մէջ:

 

23 Դեկտեմբեր 1917-ին կը ձեռնադրուի քահանայ եւ կը վերակոչուի Ֆրանչիսկոս անունով։

 

Առաջին համաշխարհային պատերազմին պատճառով կը մնայ Հռոմ եւ Լատերանեան համալսարանին մէջ կը հետեւի իրաւագիտութեան դասընթացքներուն:

 

1919-ին կը ստանայ քաղաքական եւ եկեղեցական իրաւագիտական մասնագէտի վկայականը: Նոյն տարին կը վերադառնայ Կովկաս եւ Թիֆլիսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ կը նշանակուի: Կը նշանակուի փոխ առաջնորդ եւ նոյն տարուան վերջաւորութեան՝ առաջնորդ: Կ՛այցելէ հիւսիսային Հայաստան, ուր կը բանայ Ալիշանեան դպրոցը, բայց խորհրդային իշխանութեան արգելքին պատճառով դպրոցը կը փակուի:

1921-ին Հռոմ կը կանչուի եւ իրեն կը վստահուի Հայ Եկեղեցական վարժարանի փոխ տեսուչի պաշտօնը: 1932-ին ան նոյն վարժարանին տեսչական պաշտօնը կը վարէ: Միաժամանակ դասախօսի պաշտօն կը վարէ Պապական Աստուածաբանական վարժարանին մէջ։

 

1934-ին իբրեւեւ պապական նուիրակ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան կ՛այցելէ: 1935-ին վերադարձաւ եւ նոյն տարուան Յուլիսին Քոմանայի եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ:

 

Աւետիս Պետրոս ԺԴ. Արփիարեան պատրիարքի վախճանումէն ետք, 1937-ին, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք կ՛ընտրուի, ստանալով Գրիգոր Պետրոս անունը:

 

Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան պատրիարք կը նուիրուի իր համայնքին, շինելով եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ Զմմառի աղջկանց որբանոցը:

 

Պիոս ԺԲ. պապ 18 Փետրուար 1946-ին զինք կը նշանակէ տիտղոսաւոր կարտինալ եւ ծիրանագոյն գլխարկ կը շնորհէ անոր:

Կարտինալ Աղաճանեան կը դառնայ համաշխարհային համբաւի տէր հոգեւորական եւ կ՛այցելէ զանազան ցամաքամասեր:

 

Պիոս ԺԲ. պապ 1955-ին զայն նշանակեց Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրի պատրաստութեան յանձնախումբի նախագահ: 1958-ին պապը անոր կը վստահի Հաւատոյ տարածման միաբանութեան տեսուչի պաշտօնը:

1962-էն 1965, Վատիկանի տիեզերական Բ. ժողովին գործօն մասնակցութիւն  կը բերէ եւ համակարգող յաձնախումբին  կ՚ընտրուի։

1962-ին  կը հրաժարի պատրիարքութենէն եւ մնաց Հռոմ, Լեւոնեան վարժարանին մէջ:

 

Կը վախճանի    16 Մայիս  1971-ին։