image

«Դու ես Քահանայ յաւիտեան». Իր լրումին հասաւ Հայ Կաթողիկէ Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի Քահանայական ձեռնադրութեան 23-ամեակը (Լուսանկար)

 «Դու ես Քահանայ յաւիտեան». Իր լրումին հասաւ Հայ Կաթողիկէ Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի Քահանայական ձեռնադրութեան 23-ամեակը (Լուսանկար)

 Ներկայիս Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան հաստատուած է Սուրիոյ մէջ եւ որպէս հոգեւոր հովիւ ու համատեղութեան կարգով կը ծառայէ Սուրիոյ հայաշատ Գամիշլի եւ Քեսապ շրջաններուն մէջ։

Առաքելութեան երկար եւ անխափան օրեր կը մաղթենք սիրելի Վարդապետին, լիայոյս ըլլալով, որ քաջաբար պիտի շարունակէ իր Քրիստոսանուէր առաքելութիւնը։

Օրերս իր լրումին հասած է Հայ Կաթողիկէ Միաբանութեան առաքինի անդամներէն Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Քահանայական ձեռնադրութեան 23-ամեակը Այս առթիւ մշտանորոգ առաքելութիւն եւ նուիրական կամք մը մաղթենք սիրելի Վարդապետին եւ ստորեւ կը ներկայացնենք անոր հակիրճ կենսագրականը։

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը՝ աւազանի անունով Գառնիկ Յովսէփեան, ծնած է 20 մայիս 1976 -ին՝ Սուրիոյ Մելիքիէ քաղաքում: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի ծխական դպրոցին՝ Եփրատ Ազգային վարժարանին մէջ։

1987-1990. Ուսանած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ապրած՝ Զմմառու Միաբանութեան Սուրբ Վարդանանց փոքր դպրեվանքին մէջ, որուն մեծաւորն էր Հ. Էմմանուէլ Վրդ. Տապպաղեանը:

1990-1995. Ուսանած է Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան նորընծայարանէն ներս : Վիեննայի «Հագէր Միւլլէր» Պետական Բարձրագոյն Դպրոցը յաջողութեամբ աւարտելէն ետք մեկնած է Լիբանան՝ Զմմառ, եւ Պօղոսեան Հայրերու կաճառին մէջ հետեւած Փիլիսոփայութեան նախապատրաստական դասընթացքներուն:

1996. մեկնած է Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական հայ վարժարան եւ բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած՝ Հռոմի Սուրբ Թովմաս Աքուինացու Քահանայապետական համալսարանէն ներս ՝ ուսանելով Աստուածաբանութիւն եւ Փիլիսոփայութիւն: 6-ամեայ համալսարանական դասընթացը աւարտած է 2002-ին ՝ ստանալով Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան բակալաւրի աստիճան:

2002 թուականի սեպտեմբեր 14-ին՝ Սուրիոյ Բարձր Ճեզիրէի թեմէն ներս օծուած է կուսակրօն քահանայ՝ ձեռամբ Արհի. Տէր Պետրոս Արքեպս. Միրիաթեանի: Նոյն թուականին ստանձնած է Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքի Սուրբ Ընտանեաց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը եւ ծառայած մինչեւ 2012 թուականը:

2013 թուականին՝ որպէս ժողովրդապետ իր հոգեւոր առաքելութիւնը շարունակած Գամիշլիի Սուրբ Յովսէփ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ:

2014 թուականի փետրուարին՝ տեղափոխուելով Մայր Հայրենիք՝ Հայաստան, եւ որպէս փոխժողովրդապետ իր հովուական գործունէութիւնը սկսած Շիրակի մարզկենտրոն Գիւմրիի, Աշոցքի «Տիրամայր Նարեկի» հիւանդանոցին, եւ ծառայած Աշոցքի տարածաշրջանի Սարագիւղ, Բաւրա, Սիզաւէտ եւ Ղազանչի Հայ Կաթողիկէ համայնքներուն մէջ:

2015 թուականի փետրուար 20-ին Հայր Գառնիկ Վրդ. Յովսէփեանը նշանակուեցաւ Փանիկ համայնքի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ-հոգեւոր հովիւ:

2015 թուականի հոկտեմբեր 12-ին՝ կղերական ժողովի ընթացքին , Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի կողմէն ան նշանակուած է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան Երիտասարդաց միութեան նախագահ եւ համակարգող:

2017 թուականի յունիս 18-ին՝ քահանայական ձեռնադրութեան 15-ամեակի կապակցութեամբ, Գերպ. Հայր Գառնիկ Վրդ. Յովսէփեանին շնորհուեցաւ ծայրագոյն վարդապետի աստիճան՝ ձեռամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս Նշան Գարաքէհէեանի:

2021 նոյեմբերի 2-ի որոշմամբ Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը որպէս իր տեղապահ նշանակեց Գերհ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսեփեանին, որ սկսաւ հանդէս գալ Կաթողիկոս Պատրիարքի անունով եւ Առաջնորդութեան ընթացիկ հարցերու վերաբերեալ որոշումներ կայացնել՝ Կաթողիկոս Պատրիարքի հետ խորհրդակցելէն ետք:

 Ներկայիս Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան հաստատուած է Սուրիոյ մէջ եւ որպէս հոգեւոր հովիւ ու համատեղութեան կարգով կը ծառայէ Սուրիոյ հայաշատ Գամիշլի եւ Քեսապ շրջաննեզրուն մէջ։

Առաքելութեան երկար եւ անխափան օրեր կը մաղթենք սիրելի Վարդապետին, լիայոյս ըլլալով, որ քաջաբար պիտի շարունակէ իր Քրիստոսանուէր առաքելութիւնը։