image

44-օրեայ պատերազմին մասին զեկոյցը ստացած է «Յոյժ գաղտնի» աստիճան

44-օրեայ պատերազմին մասին զեկոյցը ստացած է «Յոյժ գաղտնի» աստիճան

2020-ի 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի զեկոյցը պիտի ուղարկուի Ազգային ժողովի առաջին բաժին, որու գործառոյթներուն մէջ կը մտնէ Ազգային Ժողովէն ներս պետական եւ ծառայողական գաղտնիքի պաշտպանութիւնը, գաղտնիութեան ռեժիմի ապահովումը, գաղտնի փաստաթուղթերու հաշուառումը, արխիւացումը եւ այլն։ Այս մասին հոկտեմբեր 6-ին լրատուամիջոցներու հարցումներուն ի պատասխան յայտնած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի մամուլի քարտուղարը՝ նշելով, որ զեկոյցին կրնան ծանօթանալ միայն այն պատգամաւորները, որոնք ունին համապատասխան գաղտնիութեան թոյլտւութիւն։ Գրած է Civilnet-ը:

Մինչ այդ քննիչ յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը բազմիցս յայտարարած էր, որ զեկոյցը պիտի ներկայացուի Ազգային Ժողովի լիագումար նիստին, եւ հանրութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ծանօթանալու ատոր ոչ գաղտնի համարուող որոշ հատուածներուն։

 

Ինչո՞ւ 44-օրեայի զեկոյցը չներկայացուեցաւ լիագումար նիստին

Ազգային Ժողովի կանոնակարգ օրէնքի 25-րդ յօդուածը կը սահմանէ՝ քննիչ յանձնաժողովը պարտաւոր է իր գործունէութեան արդիւնքով ստեղծուած զեկոյցը ներկայացնել Ազգային Ժողովի նախագահին, որմէ ետք՝ մէկ ամսուան ընթացքին, այն կը քննարկուի Ազգային Ժողովի հերթական նիստին։

Պաստառի պատկերը՝ ԱԺ կանոնակարգ սահմանադրական օրէնքէն

Իսկ կանոնակարգի 20-րդ յօդուածի համաձայն՝ քննիչ յանձնաժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը վեց ամիս է, որ կրնայ երկարաձգուիլ երկու անգամ՝ մինչեւ 6-ական ամիսով։ 2022-ի փետրուարին ստեղծուած յանձնաժողովի ժամկէտն այս ընթացքին երկու անգամ վեց ամիսով երկարաձուած է՝ 2022-ի հոկտեմբերին եւ 2023-ի մայիսին։

Զեկոյցի ներկայացման ձգձգման հետ կապուած լրագրողները վերջին երկու տարիներիներուն պարբերաբար հարցեր կ՚ուղղէին յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանին։ Որպէս արդիւնք յանձնաժողովի ստեղծումէն աւելի քան 3,5 տարի անց՝ 2025-ի սեպտեմբեր 3-ին, Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովը հաղորդագրութիւն տարածեց, ուր նշուած էր, որ սեպտեմբեր 3-ին զեկոյցն ուղարկուած է Ազգային Ժողովի նախագահին։