Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը սկսած է աստիճանաբար ետ քաշել իր զօրքերը Կազայի շրջանէն դէպի համաձայնեցուած սահմաններ՝ «Համաս»ի հետ ձեռք բերուած գործարքի ծիրէն ներս։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ The Times of Israel-ը։
Ըստ աղբիւրին՝ զօրքերու մէկ մասը ամբողջութեամբ դուրս բերուած է Կազայէն, իսկ միւսները կը մնան նոր սահմաններուն երկայնքով գտնուող դիրքերուն վրայ։ Համաձայնագրով նախատեսուած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պէտք է իր զօրքերը ամբողջութեամբ ետ քաշէ մինչեւ հոկտեմբեր 10-ի վերջը՝ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ համաձայնութեան հաստատումէն 24 ժամ ետք։
The Times of Israel-ը կը նշէ, որ Իսրայէլի զօրքերը պիտի պահպանեն վերահսկողութիւն պաղեստինեան անկլաւի մօտ 53 տոկոսին վրայ՝ առաւելապէս քաղաքային գօտիներու սահմաններէն դուրս։
Նշենք, որ հոկտեմբեր 10-ի լոյս գիշերը Իսրայէլի կառավարութիւնը հաստատած է Կազայի մէջ հրադադարի եւ «Համաս»ի կողմէ պահուող պատանդներու ազատ արձակման մասին համաձայնագիրը։ Փաստաթուղթին համաձայն՝ Իսրայէլի բանակը պիտի հեռանայ դէպի նոր սահմաններ, իսկ «Համաս»ը պիտի ունենայ 72 ժամ՝ պատանդները ազատ արձակելու համար։
Կը սպասուի, որ Իսրայէլը ազատ արձակէ մօտ 2000 պաղեստինցի բանտարկեալ՝ այն 48 պատանդներուն փոխարէն, որոնք գերեվարուած էին 2023-ի հոկտեմբեր 7-ի «Համաս»ի յարձակման ընթացքին։
Պատանդներու ազատ արձակումը եւ իսրայէլեան զօրքերու մասնակի դուրսբերումը կը համարուին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Կազայի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղութեան նախաձեռնութեան առաջին փուլը։