image

«3 միլիոն ժողովուրդի մէջ, վստա՛հ եմ կան ե՛ւ մաքրամաքուր հոգեւորականներ ե՛ւ լաւ քաղաքագէտներ, պէտք է գտնել զանոնք».Վարդան Գազանճեան

«3 միլիոն ժողովուրդի մէջ, վստա՛հ եմ կան ե՛ւ մաքրամաքուր հոգեւորականներ ե՛ւ լաւ քաղաքագէտներ, պէտք է գտնել զանոնք».Վարդան Գազանճեան

Ըստ Վարդան Գազանճեանի՝ «Փաշինեանն ալ, Կաթողիկոսն ալ պէտք է հեռանան...»։

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ արմատներով լիբանանահայ մշակութային գործիչ,  հայ երգի մեկնաբան՝ Վարդան Գազանճեան։

-Պր. Գազանճեան, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստան- Ատրպէյճան-Միացեալ Նահանգներ՝ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած համաձայնութիւնը: Լաւատե՞ս էք այդ առումով: Ամերիկեան ակնոցով ինչպէ՞ս կը դիտարկէք զայն:

Կ՚ուզեմ նախ ըսել, որ ինչ որ պիտի խօսիմ հոս, պարզապէս իմ անձնական կարծիքս է: Ես որեւէ միութենական հանգամանք չունիմ: 

Իմ կարծիքով Տանըլտ Թրամփ ո՛չ քաղաքագէտ մըն է եւ ո՛չ ալ՝ քաղաքական գործիչ։ Ինք քաջատեղեակ չէր հայ-ատրպէյճանական հարցի ծալքերուն: Հայաստանին ժամանակ պէտք է վերակազմակերպուելու՝ թէ՛ տնտեսապէս, թէ՛ ռազմականապէս եւ թէ՛ բարոյապէս։ Հետեւաբար, այդ տեսանկիւնէն դիտուած՝ դրական պիտի համարել համաձայնութիւնը: Խաղաղութեան հասնելու համար եւ քանի մը սերունդ այդ խաղաղութիւնը պահպանելու համար  պէտք է հարցին խորքերը թափանցել եւ գոհացնել 70-80 տոկոսով երկու կողմերը, բայց նկատի ունենալով որ մէկ կողմը՝ Հայաստանը ճզմուած, պարտուած եւ ջախջախուած բանակով էր, ուրեմն բանակցելու ոչ մէկ բան կար:   Թրամփի համար համաձայնութիւնը պարզապէս ցուցադրութիւն էր, ինք  ցուցամոլ մարդ է, եթէ իրապէս հետաքրքրուած էր խաղաղութեամբ՝ կրնար 44 օրեայ պատերազմին իր գերակշռութիւնը գործածել իբր նախագահ Միացեալ Նահանգներու, որ ՆԱԹՕ-ի ամենամեծ ուժն է եւ ճնշել ՆԱԹՕ-ի երկրորդ մեծ բանակի տէր Թուրքիոյ վրայ, եւ թելադրէր՝ այդ փոքր եղբօրդ ըսէ որ դադրեցնէ պատերազմը։ Բայց Թրամփ ոչինչ ըրաւ, որովհետեւ շահ չունէր այնտեղ: Հիմա հանգամանքները փոխուած են, Թրամփ իր ընտրապայքարին յոխորտալով կը խօսէր, թէ 24 ժամուան մէջ պիտի դադրեցնէ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ պատերազմը, «ես մեծ  բանակցող եմ»  ըսելով։  Ահա 7 ամիս անցաւ եւ ոչ թէ դադրեցուց, այլ ռմբակոծումը աւելի սաստկացաւ:   Ես ուքրանամէտ չեմ եւ գիտեմ, որ ուքրանացիներն ու ռուսերը Հայաստանի նկատմամբ այնքան անկեղծ չեն, բայց, ըստ ինծի, Ռուսիան ինք սկսած է պատերազմը, եւ եթէ կը հիմնաւորէ, որ պատմութեամբ Ուքրանիան իր հողն էր, ուրեմն պէտք է գիտնան, որ Արցախն ալ Հայաստան էր, եթէ այդ մտածելակերպով ընթանանք: Թրամփ Կազայի մէջ ալ շատ բան չկրցաւ ընել,   եւ անլուրջ խօսակցութիւններով հանդէս եկաւ: Երբ այս երկու պատերազմները դադրեցնելու մէջ ձախողեցաւ՝ դիմեց Հայաստան-Ատրպէյճան, ըստ իրեն՝ թեթեւ հարցին, ուր մէկ կողմը արդէն պարտուած վերջացած էր, ան  մէջտեղը կանգնելով եւ երկու կողմի ձեռքերը բռնելով սկսաւ ինքնագովութեան:  Ես միայն ուրախ եմ, որ գոնէ պատերազմը առժամաբար հեռացուց Հայաստանէն, նոյնիսկ եթէ մէկ տարիով է ատիկա։  Երկարաժամկէտ խաղաղութիւնը այսպէս չ՚ըլլար, որովհետեւ Հայաստանի յաջորդ սերունդը պիտի չընդունի Ջերմուկի եւ Գեղարքունիքի որոշ տարածքներու կորուստը, դեռ կայ նաեւ Արցախի կորուստը: Երբ վերակազմակերպուի այս երկիրը ամէն առումներով եւ ոտքի ելլէ պիտի մերժէ այս համաձայնութիւնը, որովհետեւ երաշխիք չունի: Չեմ կարծեր, որ հեռու մտածող մը կրնայ գոհ ըլլալ:

 

-Երկար տարիներէ ի վեր Հայաստան կու գաք տարբեր ծրագիրներով: Այս անգամ ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները, ի՞նչ կրցաք քաղել ժողովուրդին աչքերուն մէջ նայելով, ի՞նչ տրամադրութիւններ  շօշափեցիք, երբ խօսեցաք անոնց հետ: 

Վերջին քանի մը տարիներուն, ամէն անգամ, որ կու գամ Հայաստան, բարելաւում կը նկատեմ, կը տեսնեմ ճաշարանները շատցած են Երեւանի կեդրոնը,  կը լսեմ նաեւ, որ մարդոց կեանքը բարելաւուած է եւ կը կարծեմ ճիշդ է, բայց շրջանները՝ ոչ այնքան: Առաջ կը տեսնէինք զբօսաշրջիկներու մեծ մասը սփիւռքահայեր էր, հիմա հակառակն է, մեծ մասը օտարներ են։ Թերեւս անոնց կողմէ հետաքրքրութիւն կայ այստեղի մշակոյթին նկատմամբ: Հայաստանի մէջ քիչ մը սղութիւնը նկատելի է, մանաւանդ հայաստանցիներուն համար, բայց օտար զբօսաշրջիկներուն համար հոս համեմատաբար աւելի աժան է միւս արեւելեա-եւրոպական երկիրներէն: Շատ լաւ է, որ օտարներ սկսած են լսել Հայաստանի մասին եւ գալ, այս օգուտ է առեւտուրին. կը նկատեմ, որ աշխատատեղիներ կան, նաեւ աշխատողներուն ամսականները բարձրացած են: Շինարարութիւնը Երեւանի մէջ անտանելիօրէն շատ է, երանի շրջաններուն մէջ ալ զարգացնեն շինարարութիւնը ու ծաղկեցնեն, կը յուսանք, որ այն ալ կ՚ըլլայ: Բայց ամէնէն կարեւորը երկարաժամկէտ խաղաղութիւնն է:

 

-Գիտենք, որ ձեր տարերքը հայ երգն է, մանաւանդ հայկական  աշուղական, ազգագրական եւ էսթրատային, մեծ լսարան մը լսարան Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կ՚ուզէինք իմանալ ձեր արուեստի ծրագիրներուն մասին:

Ես երգը ասպարէզի չեմ վերածած, որովհետեւ ես ունիմ իմ ասպարէզս՝ հնաոճ իրերու առեւտրական եւ ոսկերչական հաստատութեան սեփականատէր եմ եւ գործս քիչ թէ շատ լաւ ապրուստ կ՚ապահովէ, փառք Տիրոջ։ 

Մեր մաքրամաքուր հայկական երաժշտութիւնը հոգեհարազատ է ինծի: Կը տառապիմ շուկայական երաժշտութենէն, երբեմն ալ կ՚արտայայտուիմ ու կը մեղադրեն զիս: Ես կը փորձեմ շրջապատել ինքզինքս այդ երաժշտութեան սիրահարներով: Ամէն մարդ ինք կ՚որոշէ՝ ո՞րն է  մեր ճիշդ  երաժշտութիւնը: 

Ես սիրողական երգիչ եմ: 18 սեպտեմբերին, երբ արդէն Ամերիկա վերադարձած կ՚ըլլամ, ընկերս համերգ մը կազմակերպած է, ուր  զանազան երգիչներու, երաժիշտներու հետ ելոյթ պիտի ունենամ նաեւ։ Ժամանակ առ ժամանակ այսպիսի համերգներու կը մասնակցիմ իմ ելոյթովս։ 

 

- Իսկ այս համերգներուն կողքին կը մտածէ՞ք թողարկել խտասալիկ մը, ձայնասկաւառակ մը կամ ալպոմ մը՝ ձեր երգերով կամ այն երգերով, որոնք հոգեհարազատ են ձեզի եւ սիրուած ձեր լսարանի կողմէն: 

Այո՛, այդպիսի ծրագիր մը ունիմ: Երբ Գեղարդ տաճար գացած էի պտոյտի, այնտեղ 4 կիներէ բաղկացած խումբ մը պիտի երգէր. անոնցմէ մէկը մօտեցաւ եւ ըսաւ՝ կը ճանչնանք ձեզի եւ կը գնահատենք, որ գրեթէ չլսուած կամ մոռացութեան մատնուած երգեր կրկին մէջտեղ կը հանէք ու հանրութեան կը մատուցէք եւ հրաւիրեց, որ միանամ իրենց: Իրապէս հոգեկան հրճուանք է, երբ զգամ, որ տարբերութիւն մը կրնամ ստեղծել մեր մշակոյթին մէջ:    

 

- Քիչ առաջ ըսիք, եւ յայտնի էր որ ցաւ կար այդ խօսքին մէջ, որ պատերազմը մեզ ընկճեց: Այսօր հայ ժողովուրդը Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ ինչի՞ կարիք ունի ոտքի ելլելու համար: Մանաւանդ որ, այս օրերուս դժբախտաբար առիթը չենք փախցներ իրար «յօշոտելու» եւ հայհոյելու:

Որեւէ մէկը չունի ամէն ինչի պատասխան:  Ամէն հարցի մէջ միանալն ալ չեմ կարծեր կարելի է, որովհետեւ բոլորս մեր անձնական կարծիքները ունինք: Կը հաւատամ, որ չկայ մէկը ընդդիմադիրներուն, իշխանամէտներուն կամ մէջտեղը եղողներուն մէջ, որ չուզէր Հայաստանի խաղաղութիւնը, անդորրութիւնը եւ հանգստութիւնը, պարզապէս ամէն մէկուն այդ կէտին հասնելու աշխարհայեացքն ու ճանապարհը տարբեր է,  ա՛յս է խնդիրը մեր ժողովուրդին: Փաշինեան յեղափոխութիւն ըրաւ եւ երբ իշխանութեան հասաւ վարչապետական փորձ չունէր, հիմա սորվեցաւ բայց սուղ գին վճարուեցաւ անոր համար:  Հիմա իրապաշտ է եւ գիտէ, որ չենք կրնար գլուխ ելլել ատրպէյճանական եւ իր թիկունքը կանգնող  հսկայական Թուրքիոյ հետ, բայց մինչ այդ ան կորսնցուց իր հեղինակութիւնը շատերուն կողմէ եւ հեղինակութիւնը կարեւոր է ղեկավար մնալու համար, հետեւաբար պէտք է հեռանայ: Միեւնոյն ատեն ընդդիմադիրներն ալ հեղինակութիւնը կորսնցուցած են, ուրեմն իրենցմէ ալ մէկը պէտք չէ գայ: Իբր առաջին քրիստոնեայ ազգ մեզի համար կարեւոր է հոգեւորականութիւնը, թերեւս շատեր նեղուին այս ըսածէս, որ իմ անձնական կարծիքս է, Կաթողիկոսն ալ կորսնցուցած է հեղինակութիւնը իր մասին լսուած շշուկներուն պատճառաւ, ուրեմն ինքն ալ պէտք է հեռանայ վարչապետին պէս: Եթէ երկուքէն մէկը մնայ, միւս կողմինները պիտի չհանդարտին եւ այս երկփեղկումները պիտի շարունակուին,  եւ ասոր լուծումը Կորտեան հանգոյցին պէս է, պէտք է մկրատով կտրել, Փաշինեանն ալ, Կաթողիկոսն ալ հեռանան: «Իսկ ո՞վ պիտի ըլլայ վարչապետ» հարցումին կը պատասխանեմ, ժողովո՛ւրդ ձեր վարչապետը կամ ձեր կաթողիկոսը պիտի չգայ սպիտակ ձիով Հիւսիսային բեւեռէն, այլ ձեր մէջէն, 3 միլիոն ժողովուրդի մէջ, վստա՛հ եմ կան ե՛ւ մաքրամաքուր հոգեւորականներ ե՛ւ լաւ քաղաքագէտներ, պէտք է գտնել զանոնք: