Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի 2025-ի դափնեկիրը դարձած է Վենեզուելայի ընդդիմադիր առաջնորդ Մարիա Քորինա Մաչատոն։ Նոպէլեան կիմտէն ընդգծած է, որ մրցանակը անոր շնորհուած է «Վենեզուելայի ժողովուրդի ժողովրդավարական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ բռնապետութենէն դէպի ժողովրդավարութիւն անցման խաղաղ գործընթացին ուղղուած անոր անսասան ջանքերուն համար»։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, որ այս տարի եւս յոյս ունէր դառնալ դափնեկիր, մինչ մրցանակաբաշխութիւնը բազմիցս յայտարարած էր, որ «իրեն երբեք Նոպէլեան մրցանակ պիտի չտան, թէեւ ինք արժանի է ստանալու»։ Սակայն Նոպէլեան կոմիտէի ներկայացուցիչը յիշեցուցած է, որ որոշումները կը կայացուին բացառապէս Ալֆրէտ Նոպէլի կտակի հիման վրայ, եւ ոչ թէ հանրային կամ քաղաքական քարոզարշաւներու ազդեցութեամբ։
Ըստ Reuters-ի, Կոմիտէի քարտուղար Քրիսթեան Պերկ Հարպվիքընը նշած է, որ մրցանակը կը շնորհուի հիմնական նախորդ տարուան ձեռքբերումներուն համար եւ չի վերաբերի վերջին շաբաթներու իրադարձութիւններուն։
Մարիա Քորինա Մաչատոն Վենեզուելայի ընդդիմադիր առաջնորդներէն է, որ տարիներ շարունակ կը պայքարի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի վարչակարգի դէմ՝ պահանջելով ազատ եւ արդար ընտրութիւններ։
Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը նոպէլեան մրցանակներու շարքին միակն է, որ կը շնորհէ ոչ թէ շուէտական, այլ նորվեկական կոմիտէն։ Վերջին յիսուն տարուան ընթացքին դափնեկիրներու շարքին եղած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու չորս նախագահներ՝ Թէոտոր Ռուզվելթը, Վուտրօ Ուիլսընը, Ճիմի Քարթըրն ու Պարաք Օպաման։