Օրերս Պէյրութի մէջ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքած է լիբանանեան բանակի սպայ-հրամանատար, պետական նախարար Զօր. Փանոս Անդրանիկ Մանճեան։
Արմատներով մուսալեռցի Մանճեան եդիտասարդ տարիքին միացած է լիբանանեան բանակի շարքերուն եւ ուսանած սպայից վարժարանին մէջ։
Աւարտելով այդ դասընթացքը՝ ան երկար տարիներ ծառայած է բանակին մէջ, մնալով հաւատարիմ այն բարձր սկզբունքներուն, որոնցմէ գոյացած է երկրի բանակի «Պատիւ, զոհաբերութիւն, հաւատարմութիւն» սկզբունք-հաւատամքը։
Մանճեանի բանակային ծառայութեան տարիները յատկանշուած են անշուտ երկրին մէջ տիրող պատերազմական դրութեամբ եւ օրհասով, եւ այդ օրերուն ալ ան դրսեւորած է ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր բանակին ու երկրի ծառայելու նուիրական սկզբունքը։
Աւարտելէ ետք բանակի իր ծառայութիւնը եւ հանգստեան կոչուելուն զուգահեռ՝ Մանճեան իր մասնակցութիւնը բերած է Լիբանանի ազգային-քաղաքական կեանքին ու ՀՅԴ-ի կողմէն առաջադրուելով՝ ստանձնած է պետական նախարարի պաշտօն։
Նախարարական պաշտօնին զուգահեռ Մանճեան ժամանակ մըն ալ վարած է Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդի պատասխանատուի պաշտօնը եւ այդ մէկը կատարած է մեծ ձեռնհասութեամբ։
Բարձր ծառայութեան, գիտակից քաղաքացիի հոմանիշներով զինուած Մանճեան արժանի դարձած է թէ’ հայկական, թէ’ տեղական շրջանակներու յարգանքին եւ երախտիքին։
Ու ամենակարեւորը, ամենայն պատուաբերութեամբ աւարտին հասցուցած է իր ազգային-հայկական, լիբանանեան ծառայութիւնները։
Վերջին տարիներուն Զօր. Մանճեան կը տառապէր ծանր հիւանդութիւնէ, սակայն ոչ մէկ անգամ ան տրտնջաց, այլ արժանապատիւ կերպով «շալկեց» իր խաչը եւ այսօր աւանդեց իր հոգին՝ իր մեծ ու փոքր ընտանիքներու սրտերուն մէջ ալ թողնելով բարի անուն մը, նուիրական վաստակ մը եւ բոլորին համար սիրելի բարի եւ պատրաստկամ ժպիտ մը...։
Յարգանք իր վաստակին, խունկ ու մոմ իր յիշատակին։