image

«Կաթիլ» մը հեծանիւ



«Կաթիլ»  մը հեծանիւ



Օրին մէկը հեծանիւ մը ունեցայ. չեմ յիշեր ուրկէ՞ եկաւ, ինչպէ՞ս եկաւ, կամ նախապէս որո՞ւ կը պատկանէր, սակայն կրնամ հաստատել, որ ես այդ հեծանիւը շատ սիրեցի: Ինծի համար պարզ հեծանիւ մը չէր, այլ՝ աշխարհ մը երջանկութիւն: Ամէն օր կը  լուայի, անիւները կ՚օճառէի, ժապաւէններով եւ գունաւոր ծամակալներովս կը զարդարէի։ Մէկ հատիկս, փառատօնի մը շքերթին մասնակցող հեծանիւի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր։

Դժբախտ օր մը նկատեցի, որ հեծանիւիս  անիւներէն մէկուն անուադօղէն (քաուչուք) կտոր մը պոկուած էր, թէեւ մեծ կտոր մը չէր եւ անիւը իր պարտականութենէն ոչինչ կը զիջէր, բայց ինծի համար դարմանումի կարիքը ունեցող «վէրք» մըն էր։

Անցեալին հեծանիւ վարելը միայն հաճոյք կամ շքեղութիւն չէր, այլ՝ ընդանհրացած երեւոյթ մը ապրուստ ապահովելու՝ ապսպրանքներ առաքելու, թերթ ցրուելու եւ վերջապէս՝ երթեւեկի խնայողական միջոց մը: Հետեւաբար շատ էին այն խանութներն ու վարպետները, որոնք  հեծանիւ կը վաճառէին, վարձու կու տային եւ կը նորոգէին: Մեր թաղին՝ Հաճընին մէջ, նոյնպէս շատ էին նման խանութները:

Առանց ծնողքէս օգնութիւն կամ հաւանութիւն խնդրելու, վիրաւոր հեծիքս հասցուցի «բուժարան», ինչպէս, որ հիւանդ սիրելիդ հիւանդանոց կը հասցնես շտապ դարմանում ստանալու համար:
-Պարո՛ն,... հաճիս հեծանիւիս անիւը կը նորոգե՞ս:
Մեծ հայրս սորվեցուցած էր, որ հաճիսէն ետք հրամայական եղանակ չգործածեմ, այլ՝ մնամ խնդրանք հայցողի դերին մէջ:

Վարպետը թթուած դէմքով դիմաւորեց առաջարկս։ Սաստիկ չկամութեամբ պատին գամուած գործիքներուն մէջէն  երկար մետաղ մը վերցուց, որուն օգնութեամբ փորձեց անուադօղը մետաղային բաժինէն անջատել: Այս «շատ լուրջ» գործողութեան ընթացքին անուադօղը երկուքի կիսուեցաւ: Վարպետը ամենայն սառնասրտութեամբ ըսաւ. «Այս անիւը չի նորոգուիր, թափէ՛ աս հեծիքը. հայրդ նոր մը թող գնէ»:

Իմ ութ տարեկան հասակիս համար, հեծանիւիս անակնկալ մահուան գոյժը շատ ծանր հարուած մըն էր։ Սիրտիս զարկերը արագացան, փսխելու չափ ստամոքսս ցաւեցաւ եւ արցունքներս ողողեցին այտերս: Յուզուած եւ խիստ բարկացած վարպետին ըսի. «Դո՛ւն  յանցաւոր ես. հեծիկիս  անիւը դուն կոտրեցիր»:

Պատմեմ, թէ ինչպէս այս անընդունելի եւ համարձակ  խօսքս վերածուեցաւ «Կաթիլ մը մեղր»ի: Վարպետը խիստ զայրացած իմ արձակած «վճիռէս», պատահարը իր տիկնոջ պատմեց եւ իր ինքնասիրութիւնը խիստ վիրաւորուածի շեշտով ըսաւ. « Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ մէկ մատ հասակով աղջիկը ինծի պատասխանէ եւ յանցաւոր անուանէ...»:

Վարպետին տիկինը իր կարգին, փրփրած ու բարկացած սուրհանդակի արագութեամբ մեր տունը եկաւ եւ  մօրս ու հօրս ներկայութեան չարաչար յանդիմանեց զիս..: Երանի ճարտար նկարչուհի մը ըլլայի եւ այսօր յիշողութեանս վստահելով տիկնոջ խոժոռ ու ահարկու դէմքը նկարէի: Անոր բարկութիւնը չհանդարտեցաւ  եւ «խորհրդաւոր» պատահարին մանրամասնութիւնները, մասնաւորաբար շեշտը դնելով իմ անքաղաքավար վարմունքիս վրայ, Հաճնոյ թաղին դուռ- դրացիներուն պատմեց, համեմեց, մինչեւ անգամ «մեղրը» հասցուց  հեռու- մօտիկ ազգականներու:

Տիկինը քինախնդրութենէ մղուած իր կապը մօրս հետ խզեց, որովհետեւ մայրս պաշտպանած էր իր ութ տարեկան «համարձակ» աղջկան: Թէեւ ժամանակ մը ետք տիկինը իր կապը մօրս հետ վերականգնեց, բայց ինծի ցմահ ատեց:

Անցեալին ընդունուած «թապու»ներ կային, որ փոքրը խօսելու, գանգատելու, պատասխանելու իրաւունք չունի, նոյնիսկ, եթէ անոր ըսածը ճիշդ է ու տեղին: Սակայն այսօր աւելի ցաւալի պատկեր մը կայ, երբ  «հսկաներու»  անարդար աշխարհին մէջ «փոքրերուն» իրաւունքները կ՚անտեսուին, կ՚ոտնահարուին, առաւել՝ տուժողը կը մեղադրուի, յանցաւոր կը նկատուի, երբ ան որեւէ ձեւով ինքնապաշտպանութեան կը դիմէ ու արդարութիւն կը հայցէ։ Դժբախտաբար դերերը փոխուած են եւ մենք այժմ օր ցերեկով ականատես կ՚ըլլանք երեւոյթներու, երբ կեղեքողը, քանդողը, բարբարոսը, որպէս զոհ եւ պաշտպանուողի  դիրքին մէջ կը ներկայացուի. առաւել եւս քաջալերանք ու զօրակցութիւն կը ստանայ իրեն համակիր շեփորահարներու եւ զէնք- զինամթերք մատակարարողներուն կողմէ:

Ցաւալի է նաեւ, որ ընդվզում յառաջացնող  պատճառները չեն սերտուիր ու դարմանումի միջոցներ ի գործ չեն դրուիր, այլ՝ լուսարձակի տակ կ՚առնուի ժողովուրդներուն ընդվզում արտայայտելու ոճը, որ ընդանհրապէս կը հակասէ «արդարադատ» մարմիններուն կողմէ արտօնուած  ձեւերուն եւ միջոցներուն:
Ներեցէք համարձակութեանս, որ օրինակով մը աւելի մատչելի դարձնեմ ըսել ուզածս:  Այր ու կին կը վիճաբանին եւ կողմերէն մէկը իր միտքը հասցնելու համար ձայնը կը բարձրացնէ: Դիմացինը կը մոռնայ՝ նիւթը, բարկութեան դրդապատճառը, նիւթին թելադրած  լրջութիւնը եւ կը քննադատէ իր կողակիցին ձայնին թոնայնութիւնը (tonality): Երբեմն ալ ինք աւելի բարձր թոնայնութեամբ կը պոռայ. «Վրաս մի՛ պոռար»:

Այժմ մօտս հարցում մը ծագեցաւ. արդեօք մէկը Սիլվային հեծանիւին պատմութիւնը լսելէ ետք համարձակութիւնը ունեցա՞ւ ըսելու. «Վարպե՛տ, ի՞նչ կ՚ըլլար, եթէ մօտդ գտնուող բազմաթիւ անիւներէն մէկը տրամադրէիր եւ փոքրիկ աղջկան մը սիրտը չկոտրէիր»:

Չեմ զարմանար, եթէ ըսող մը չեղաւ: Այսօր մենք ալ շարք մը հարցերու հանդէպ անտարբեր ու կրաւորական դիրք կը բռնենք եւ մեր խճողուած առօրեային մէջ արդարութիւնը լռութեան տիղմին մէջ կը թաղենք:

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...