image

Թուրքիոյ, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ ԱԳ նախարարները պիտի մեկնեն Իսլամապատ՝ քննարկելու պատերազմի դադրեցումը

Թուրքիոյ, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ ԱԳ նախարարները պիտի մեկնեն Իսլամապատ՝ քննարկելու պատերազմի դադրեցումը

Փաքիստանը հաստատած է Թուրքիոյ, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցութիւններու կայացումը։

Փաքիստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան համաձայն՝ Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները Մարտ 29-30-ին պիտի այցելեն Իսլամապատ՝ քննարկելու տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացման վերաբերեալ հարցերը։

Աւելի վաղ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը հաստատած էր տեղեկութիւնը, թէ Փաքիստանի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները կը համակարգեն պատերազմի կարգաւորման նպատակով նախատեսուած հանդիպման նախապատրաստութիւնը։

Սկզբնապէս գագաթաժողովը նախատեսուած էր կազմակերպել Թուրքիոյ մէջ, սակայն Ֆիտանի խօքով՝ հանդիպման վայրը տեղափոխուած է Իսլամապատ, որովհետեւ Փաքիստանի պաշտօնեաները ներկայիս ստիպուած են մնալ իրենց երկրին մէջ։