image

Սպիտակ Տան մէջ «Սքանտալ». Նիւթը կապ ունի Եմէնի հարուածներուն հետ 

Սպիտակ Տան մէջ «Սքանտալ». Նիւթը կապ ունի Եմէնի հարուածներուն հետ 

Atlantic ամսագրի գլխաւոր խմբագիր, լրագրող Ճեֆրի Կոլտպըրկ պատահաբար աւելացուած է Signal հաղորդագրութիւններու յաւելուածի գաղտնի խմբային չաթին մէջ, ուր Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բարձրաստիճան անդամները կը քննարկէին Եմէնի հուսիներու դէմ առաջիկայ ռազմական գործողութեան մանրամասնութիւնները: Կոլտպըրկն այս մասին յայտնած է «Թրամփի վարչակազմը պատահաբար ինծի հաղորդագրութիւն ուղարկած է իր ռազմական ծրագրերու մասին» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ, գրած է dw.com-ը։

Սա, հաւանաբար, անվտանգութեան համակարգի մէջ ամենալուրջ խախտումներէն մէկն է Միացեալ Նահանգներու նորագոյն ռազմական պատմութեան մէջ: Ինչպէս գրած է The Guardian-ը, կատարուածը «սքանտալ» առաջացուցած է երկրին մէջ. Ծերակոյտի թէ՛ հանրապետական, թէ՛ դեմոկրատ անդամները կատարուածը «աղէտ» որակած են:

Կոլտպըրկի խօսքով՝ ինք առցանց չաթի հրաւէր ստացած է այս տարուան մարտ 11-ին՝ Ուաշինկթընի կողմէ Եմէնի մէջ հուսիներու դէմ ռազմական գործողութիւններ սկսելէն ընդամէնը 4 օր առաջ։ Զրոյցին մասնակցած է 18 մարդ, որոնց շարքին եղած են ամերիկեան ղեկավարութեան առանցքային ներկայացուցիչներ, մասնաւորապէս՝ պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթը, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօն, փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը, ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուոլցը:

Ինչպէս գրած է Atlantic-ի գլխաւոր խմբագիրը, պաշտօնեաները մանրամասն քննարկած են հարուածներու ժամկէտներն ու թիրախները, այլ երկիրներու հնարաւոր արձագանգը, ինչպէս նաեւ հնարաւոր ռիսքերն ու հետեւանքները։ Կոլտպըրկի խօսքով՝ ռազմական գործողութեան մեկնարկէն երկու ժամ առաջ չաթ ուղարկուած է Միացեալ Նահանգներու ռազմական գործողութիւններու մանրամասն ծրագիրը։ Այն կը պարունակէր «ճշգրիտ տեղեկատւութիւն զէնքի, թիրախներու եւ ժամկէտներու մասին»,ըսուած է նիւթին մէջ:

Atlantic-ի գլխաւոր խմբագիրը սկիզբը կասկածած է, որ չաթը կեղծ է:

«Նախապէս ես երբեք չեմ հանդիպած գաղտնիութեան նման բացայայտ խախտման: Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամները կ՚օգտագործեն Signal-ը, բայց սովորաբար միայն հանդիպումներ կազմակերպելու եւ նիւթատեխնիկական հարցեր լուծելու համար, այլ ոչ թէ ռազմական գործողութիւններ քննարկելու համար», -ըսած է Կոլտպըրկը:

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի խօսնակ Պրայըն Հիւզն ըսած է, որ կառավարութիւնը ներկայիս կը հետաքննէ, թէ ինչպէս է լրագրողի հեռախօսահամարն աւելցուած է կառավարութեան զրոյցին։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լրագրողներուն ըսած է, որ «ոչինչ գիտէ» միջադէպի մասին։