image

«Սպասուած» քառակողմ ժողովը՝ Մոսկուայի մէջ տապալեցաւ

«Սպասուած» քառակողմ ժողովը՝ Մոսկուայի մէջ տապալեցաւ

Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը որոշուած է յետաձգել մինչեւ մայիս։ Այս մասին արաբական Al Watan թերթին տուած հարցազրոյցին ըսած է Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Եֆիմովը։

Յայտնի է, որ Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը պէտք է կայանար երկուշաբթի՝ ապրիլ 10-ին։ Այժմ, Եֆիմովի խօսքով, այն տեղափոխուած է մայիսի սկիզբ։

«Շահագրգիռ կողմերու միջեւ այս հարցով դրական արդիւնքներու հասնելու համար կը շարունակուին շփումներն ու խորհրդակցութիւնները»,- վստահեցուցած է ան։

Դեսպանը աւելցուցած է, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել, որ քառակողմ հանդիպումը կայանայ։ Անոր խօսքով՝ կողմերը չեն կրնար օրակարգային բոլոր հարցերը լուծել բանակցութիւններու մէկ կամ մի քանի փուլով։

«Սա երկար ճանապարհ է, բայց մենք քայլ առ քայլ կը շարժինք այս ուղղութեամբ», - եզրափակած է Եֆիմով:

Մարտի սկիզբը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած էր քառակողմ հանդիպում կայացնելու մտադրութեան մասին։ Սակայն այն ժամանակ բանակցութիւններու հնարաւոր ժամկէտ չէր նշուեր։