image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ ԱԳՆ Ասհատ Շիպանի Մոսկուայի մէջ հանդիպած են Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ

Սուրիոյ ԱԳՆ  Ասհատ Շիպանի  Մոսկուայի մէջ հանդիպած են Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ

Սուրիոյ պետական SANA լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Մոսկուայի մէջ կայացած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասատ Հասան Շայպանիի եւ պաշտպանութեան նախարար Մուրհաֆ Ապու Քասրայի հանդիպումը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Կողմերը կեդրոնացած են «փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող» քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական հարցերու վրայ, սակայն «յատուկ ուշադրութիւն» դարձուցած են պաշտպանութեան խնդրին։

SANA գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Փութինը եւ սուրիացի նախարարները քննարկած են պաշտպանութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ ռազմական համագործակցութեան զարգացումը, սուրիական բանակի կարողութիւնները հզօրացնելու եւ ատոր ռազմական սարքերու արդիականացման, փորձի փոխանցման եւ հետազօտութիւններու ու մշակումներու ոլորտի մէջ համագործակցութեան համար։

Երկու կողմերը քննարկած են նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական հարցեր, որոնք վերաբերած են ռուս-սուրիական համագործակցութեան ընդլայնման, այդ շարքին՝ վերականգնման նախագիծերուն մէջ, ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ Սուրիոյ մէջ ներդրումներու հարցով:

Փութինը վերահաստատած է Ռուսիոյ «անսասան աջակցութիւնը» Սուրիոյ եւ անոր տարածքային ամբողջականութեան, միաժամանակ դատապարտած է «Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ տարածքի բազմակի խախտումները՝ ատոնք որակելով տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ուղղակի սպառնալիք»։