Սեպտեմբեր 23-ին՝ ժամը 23.52-ին, ՆԳՆ ոստիկանութիւն ահազանգ ստացուած է, որ Արմաւիրի մարզի Մերձաւան բնակավայրի Երեւանեան խճուղիի մէջ կրակոցներ հնչած են։
Նախնական տուեալներով կայ 2 զոհ, 1 վիրաւոր։ Մահացածներէն մէկը համայնքի ղեկավար Վալոդիա Գրիգորեանն է։
ՆԳՆ ոստիկանութեան ծառայողները կը ձեռնարկեն միջոցառումներ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ։
Աւելի ուշ ՆԳՆ մամուլի խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը յայտնած է, որ Մերձաւանի կրակոցներու հետեւանքով զոհերէն մէկը քրէական ոստիկան Կարէն Աբրահամեանն է, որ ծառայութեան մէջ չէ եղած, պարզապէս այդ պահուն Վալոդիա Գրիգորեանի հետ եղած է:
«Պարզուել է, որ մահացել է 2 անձ՝ Փարաքար խոշորացուած համայնքի ղեկավար Վալոդիա Գրիգորեանը եւ մեր գործընկեր, Արարատի մարզային վարչութեան քրէական ոստիկան Կարէն Աբրահամեանը։ Կայ մէկ վիրաւոր՝ Արծրուն Գալստեան, որը տեղափոխուել է բժշկական կեդրոն, վիրահատուել է, եւ այս պահի դրութեամբ մեզ հասած տեղեկատւութեամբ նրա կեանքին վտանգ չի սպառնում»,- մանրամասնած է Սարգսեանը։
Անդրադառնալով զինուած յարձակման մանրամասնութիւններուն՝ Նարեկ Սարգսեանը յայտնած է, որ նախնական տեղեկութիւններով՝ դիմակաւորուած եւ ձեռնոցներով մէկ անձ մօտեցած է փողոցը կանգնած Վալոդիա Գրիգորեանին, Կարէն Աբրահամեանին եւ Արծրուն Գալստեանին եւ կրակահերթ արձակած է անոնց ուղղութեամբ։
Խօսելով շրջանառուող խօսակցութիւններու մասին, թէ այս յարձակումը վրէժխնդրութիւն է Մերձաւանի մէջ նախորդիւ տեղի ունեցած եւ հասարակական լայն արձագանգի արժանացած յանցագործութեան համար՝ ՆԳՆ մամուլի խօսնակն ընդգծած է, որ դեռ վաղ է որեւէ վարկածի մասին խօսելու համար՝ շեշտելով, որ կը քննարկուին առաջ քաշուած բոլոր վարկածները։ «Որոշակի գործողութիւններ կան արուած նախկինում այստեղ եղած հասարակական լայն արձագանգ ստացած յանցագործութեան հետ կապուած։ Դրա մասին, կարծում եմ, առիթ կը լինի, մենք կը զրուցենք։ Բայց վստահեցնում եմ, որ Ներքին գործերի նախարարութեան, ոստիկանութեան, իրաւապահ միւս կառոյցների համար սկզբունքային է, որ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզուեն»։
Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ Մերձաւանի մէջ տեղի ունեցած կրակոցներու, համայնքապետ Վալոդիա Գրիգորեան եւ եւս մէկ անձի սպանութեան դէպքի առթիւ Արմաւիրի մարզային քննչական վարչութեան Վաղարշապատի քննչական բաժնէն ներս ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 155-րդ յօդուածի 1-ին մասի (2 դրուագ) (Սպանութիւն), 44-155-րդ յօդուածի 1-ին մասի (Սպանութեան փորձ) եւ 335-րդ յօդուածի 1-ին մասի (Հրազէնի, ատոր հիմնական բաղկացուցիչ մասերու, ռազմամթերքի եւ այլ նիւթերու, սարքերու, առարկաներու ապօրինի շրջանառութիւնը) յատկանիշերով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։