image

«Թէքէեան Մշակութային Միութեան» նուիրական գործունէութիւնը ՝ Սիւնիքի մէջ (Լուսանկարներ)

«Թէքէեան Մշակութային Միութեան»  նուիրական գործունէութիւնը ՝ Սիւնիքի մէջ  (Լուսանկարներ)

 «Թէքէեան մշակութային միութիւն»ը (ԹՄՄ) աշխարհատարած    կառոյց  է, որուն   գործունէութեան հիմնական կիզակէտը Հայաստանի   մէջ մշակութային-ընկերային ոլորտին առընթեր  նշանակալից եւ որակ հաստատող միջոցառումներ ու  նախաձեռնութիւններ  իրագործերլն է։ Օրերս տեղեկացանք, որ շնորհիւ «Թէքէեան»ի  Գանատայի մարմնի    միջոցներուն կարելի եղած է   շարունակել  միութեան մասնաւորապէս  Հայաստանի Սիւնիքեան   մարզին համար  ընթացք  առած ծրագիրները ու նաեւ տեղ  տալ  նոր  աշխատանքներու։

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք ԹՄՄ-ի նուիրեալ  պատասխանատուներէն Գայանէ  Մուրատեանի կողմէ  այդ մասին պատմող   լրատւութիւնը, որ օրերս լոյս տեսաւ  Երեւանի մէջ  հրապարկուող «Ազգ» շաբաթաթերթին մէջ։

 

5 հոկտեմբեր, 2022-ին «Սիւնիք-Զարգացում» Հասարակական կազմակերպութիւնը հիւրընկալած է «Թէքէեան մշակութային միութեան» ներկայացուցիչներ՝ Ամերիկայի եւ Գանատայի «Թէքէեան մշակութային միութեան» կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Արթօ Մանուկեանը (Գանատա, Մոնրէալ) հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն՝ Գայանէ Մուրատեան եւ «Աթքեն Արմենեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ՝ Անթուան Թերջանեան։

 

Այցի նպատակն էր տեղւոյն վրայ ծանօթանալ «Սիւնիք-Զարգացում» ՀԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի համատեղ իրականացուող ծրագիրներուն։

Հանդիպման օրակարգի առաջին հատուածով ՀԿ-ի աշխատակիցները ներկայացուցին «Սիւնիք-Զարգացում» ՀԿ-ի ստեղծման պատմութիւնը, իրականացուած եւ ընթացիկ իրականացուող շարք մը ծրագիրները։

Ընկերային ծրագիրներու պատասխանատու՝ Տաթեւ Յարութիւնեան ներկայացուց հիւրերուն մարզի բնակչութեան կենսապայմաններու բարելաւման ուղղուած ծրագիրները, մեղուաբուծութեան զարգացման եւ փոքր ձեռնարկատիրութիւններու աջակցութեան ուղղուած ծրագիրները։

Գիւղատնտեսական ծրագիրներու պատասխանատու՝ Նայիրա Յարութիւնեան ներկայացուց վերջին տարիներու ընթացքին «Սիւնիք-Զարգացում» ՀԿ-ի կողմէ իրականացուող Վայոց ձորի մարզի պտղաբուծութեան զարգացման, ոռոգման ջրագիծերու, սառնարանային տնտեսութեան, չրանոցի, մարզէն ներս հիմնուած փորձացուցադրական այգիներու ստեղծման մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ «Աթքեն Արմենեան» հիմնադրամի օժանդակութեամբ մարզէն ներս հիմնուած խիտ տնկարանը, որ հիմնուած է բարեգործական նպատակով եւ մարզի այգեգործներուն կը տրամադրէ անվճար բարձրորակ պտղատու տնկինե:

Երիտասարդական ծրագիրներու պատասխանատու՝ Յասմիկ Գալստեան հիւրերը ծանօթացուց մարզի երիտասարդներուն համար իրականացուող միջազգային երիտասարդական փոխանակման ծրագիրներուն՝ մասնաւորապէս 2022 թուականի օգոստոս ամսուն հաջողութեամբ կեանքի կոչուած հայ-զուիցարական փոխանակման ծրագրին, հայ-վրացական երիտասարդական փոխանակման ծրագրին, ամառնային ճամբարներուն եւ «Երիտասարդական համախմբում» ծրագրին, որ արդէն ունի մէկ տարուան պատմութիւն։

Համարկման (Ինտեգրացիոն) ծրագիրներու պատասխանատու՝ Աննա Յովհաննիսեան ներկայացուց պարբերաբար կատարուող փորձաշրջանի կիրառումներ կազմակերպելու եւ անոնց շնորհիւ մարզի աշխատաշուկային մէջ գործ ապահովելու ծրագիրը։

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի շարունակական կրթութեան բաժնի Վայոց ձորի համակարգող՝ Հայարփի Աղախանեան ներկայացուց մարզէն ներս իրականացուվող կրթական ծրագիրները, մարզի երեխաներու եւ երիտասարդներու համար կազմակերպուող անգլերէն դասընթացները եւ «Սիւնիք-Զարգացում» ՀԿ-ի հետ համագործակցութեան եզրերը։

Կազմակերպութեան այցելութիւնը աւարտեցաւ հարց ու պատասխանով եւ «Հզօր Հայրենիք» բարեգործական ատամնաբուժարանի ծանօթացմամբ, որ եւս «Սիւնիք-Զարգացում» ՀԿ-ի ծրագիրներէն է։

ՀԿ-ի աշխատակազմը եւ Թէքէեան մշակութային միութեան ներկայացուցիչները այցելեցին նաեւ Աղասաֆի փորձացուցադրական այգին՝ ծանօթանալու այգիի աշխատանքներուն եւ ՀԿ-ի ընկերային ծրագիրներու շահառուներուն։

«Աթքեն Արմենեան» հիմնադրամի եւ «Թէքէեան մշակութային միութեան  օժանդակութեամբ իրականացուող ծրագիրներու ծիրէն ներս դիտարկելու այցեր կատարուեցան՝ մեղուապահութեան զարգացման ծրագրի շահառուներուն (ծրագրի պատասխանատու՝ Նարեկ Սարգսեան)։

Ցանկ՝ շահառուներու

  • Փալանջեան Մուրատ-մեղուապահ, գիւղ Մալիշկա։ Տեղահանուած Արցախի Քաշաթաղի շրջանէն։
  • Ալոյան Գարիկ- մեղուապահ, քաղաք Վայք։ Տեղահանուած Արցախի Քաշաթաղի շրջանէն։
  • Մաթեւոսեան Խաչիկ-մեղուապահ, գիւղ Թառաթումբ։ Բազմազաւակ ընտանիք։

Անասնապահութեան զարգացման ծրագիր (ծրագրի պատասխանատու՝ Վալենթին Թադեւոսեան)։

  • Ստեփանեան Թանգուհի, գիւղ Սալլի։ Բազմազաւակ ընտանիք։ Տեղահանուած Արցախի Քաշաթաղի շրջանէն։
  • Գէորգեան Սիրակ, գիւղ Գետափ։ 44-օրեայ պատերազմի մասնակից, վիրաւոր։

«Թէքէեան մշակութային միութեան» կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Արթօ Մանուկեանը յաջորդ  5 օրերու ընթացքին կը շարունակէ դիտարկումի այցեր իրականացնել Արցախի Հանրապետութեան, Քաշաթաղի շրջանէն բռնահանուած ընտանիքներուն, որոնք կը հանդիսանան ծրագրի շահառուներ:

Դիտարկումի այցի համակարգող՝ Սիւնիք-Զարգացում ՀԿ-ի ընկերային-տնտեսական ծրագիրներու պատասխանատու՝ Տաթեւիկ Յարութիւնեան։

Յետգրութիւն

Դիտարկումի այցի ողջ ընթացքին ներկայ էին նաեւ Սիւնիք-Զարգացում ՀԿ-ի արտաքին խորհրդատուներ՝ դոկտոր՝ Ալմութ Շուլթհայս եւ Պերնդ Շուլթհայս (Գերմանիա):

 

Գայանէ Մուրատեան

«Ազգ»

 Արեւմտահայերէնի  վերածեց ՝«Արեւելք»ը