image

«Սիրայօժար կերպով պիտի շարունակենք մեր ներդրումները».Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ Պատւոյ Հիւպատոս ՝Պերճ Աբգարեան (Տեսանիւթ)

«Սիրայօժար  կերպով պիտի շարունակենք  մեր ներդրումները».Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ Պատւոյ Հիւպատոս ՝Պերճ Աբգարեան (Տեսանիւթ)

Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի նախաձեռնութեամբ՝ Ֆրեզնոյէն կրկին բժիշկներու խումբ մը ժամանած է Հայաստան, որ այսօր այցելած է Աշտարակի բժշկական կեդրոն: Աշտարակի մէջ անոնց  ջանքերով տեղադրուած է ժամանակակից ախտորոշիչ սարք: Ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսին: 

«Արեւելք»ի հարցումներուն պատասխանած է Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, ան ըսած է թէ այսօր յատկանշական օր է, որովհետեւ սփիւռք եւ հայրենիք կը միանան իրարու աւելի ամրապնդուած ու աւելի հարազատ: Ան յիշած է թէ ի շնորհիւ Ֆրեզնոյի հայ համայնքի նուիրատու՝ Միշէլ Թիւթէլեանի  նիւթական օժանդակութեան, այսօր նուիրած են հետախուզական շատ արդիական կարեւոր սարք մը՝ radiographic  C-arm, որ վիրահատութեան ատեն կ'օգնէ վիրահատներուն պատկերներու միջոցաւ ճիշդ կողմնորոշուելու: Պատուոյ հիւպատոսը սրտի ցաւ յայտնած է, որ անցեալ տարի չեն կրցած աւանդոյթ դարձած բժիշկներու այս այցելութիւնը կատարել, բայց այս տարի կրկին եկած են 40 հոգինոց խումբով մը՝ տարբեր մասնագէտներով, որոնք մեծ մասամբ ֆիզիոթերափիստներ են յատկապէս օգտակար դառնալու մեր զինուորներուն: 

Հիւպատոս Աբգարեան շնորհակալութիւն յայտնած է այն ջերմ ընդունելութեան Զուարթնոց օդակայանի մէջ: Ան նաեւ ըսած է թէ առաջին օրէն անմիջապէս գործի սկսած են զանազան մարզերու մէջ՝ Գիւմրի, Վանաձոր, Արմաւիր, Վարդենիս, եւ Երեւանի «Զինուորի Տուն», ուր հիմնականօրէն կեդրոնացած են զինուորներուն վրայ,- «Մենք կը հաւատանք որ մեր աշխատանքը պէտք չէ դանդաղի, մենք տկարութիւններով պէտք չէ զբաղինք, մենք պէտք է կեդրոնանաք մեր նպատակներու հետեւման եւ իրագործման»,- նշած է պատուոյ հիւպատոսը:

Անդրադառնալով խումբին մէջ օտար բժիշկներու ներկայութեան, Աբգարեան ըսած է,-«Բարձրօրէն կը գնահատենք   անոնց ներկայութիւնը, որովհետեւ իսկապէս արհեստավարժ բարձր մակարդակի բժիշկներ են եւ իրենց համար այս աշխատանքը սուրբ է, եւ իրենք չեն վարանիր ամէն տարի ետ վերադառնալու այստեղ եւ իրենց աշխատանքը տանելու»: 

Իսկ այն հարցին թէ ինչ պիտի ըսէ իր հայրենակիցներուն երբ վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ ան պատասխանած է, թէ «Հայրենիքը մերն է եւ մենք ենք տէրն ու տիրականը մեր հայրենիքին», ապա շարունակած է, որ պէտք չէ կեդրոնանալ վատ օրերու անդրադարձներուն եւ կամ դժուարութիւններուն, ընդհակառակը պէտք է միանալ ըլլալով մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք եւ համախմբել աշխատանքները լաւագոյնը կատարելու հայրենիքի բարգաւաճման համար: 

Յաջորդ տարուայ ծրագիրներուն մասին պատուոյ հիւպատոսը ըսած է թէ անոնք բոլորովին ուրիշ թեմայով պիտի ըլլան, որովհետեւ նոր համաձայնագիր ստորագրած են Եւրոպայի բժիշկներու հետ եւ ստեղծած նոր կազմակերպութիւն, որուն նպատակն է Առաջադէմ Հայաստան, եւ ինք անձամբ պիտի նախագահէ այդ կազմակերպութիւնը: «Մենք սիրայօժար  կերպով մեր ուժերը աւելի պիտի համադրենք, ոչ թէ միայն Ամերիկայի մէջ այլ Եւրոպա եւ Ամերիկա միասին, եւ ձեզ կը վստահեցնեմ որ մեր ներդրումը յաջորդ տարի շատ աւելի աշխոյժ եւ շատ աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ»,-եզրափակած է պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան: