ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցած է Հնդկաստանի խորհրդարանի Լոք Սապհայի խօսնակ Օմ Պիրլայի հետ:
Քննարկելով երկկողմ հետաքրքրութեան հարցերու լայն շրջանակ՝ կողմերն ընդգծած են հայ-հնդկական յարաբերութիւններու խորացող բնոյթն ու ատոր կարեւորութիւնը երկու երկիրներու համար:
Քննարկումներու առանցքը եղած են երկու երկիրներու խորհրդարանական համագործակցութեան եւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապերու խորացման ու զարգացման միտուած քայլերու ձեռնարկման հարցերը:
Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման վերաբերող հարցերուն: