Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց, ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն կոչ ըրած են ռազմական զսպուածութիւն ցուցաբերելու Զապորոժիէի աթոմակայանի մօտ, ինչպէս նաեւ կազմակերպելու Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ-ի) աշխատակիցներու շուտափոյթ այցը կայան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:
Նշուած է, որ կիրակի օր Գերմանիոյ վարչապետը կարծիքներ փոխանակած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ ղեկավարներու հետ միջազգային իրավիճակի շուրջ։
«Անոնք քննարկած են նաեւ Զապորոժիէի ուքրանական աթոմակայանին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ կոչ ըրած են ռազմական զսպուածութիւն ցուցաբերելու կայանի մօտակայքը, ինչպէս նաեւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ-ի) աշխատակիցներու շուտափոյթ այց կազմակերպել այնտեղ»,- ըսուած է նախարարներու գրասենեակի յայտարարութեան մէջ:
Պետութիւններու ղեկավարները պայմանաւորուած են, որ Ուքրանիոյ աջակցութիւնը շարունակուի։
Բացի այդ, կողմերը քննարկած են իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ միջուկային համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները։