image
Հրատապ լուրեր:

Շոլց, Մաքրոն եւ Տրակի կը ժամանեն Քիեւ

Շոլց, Մաքրոն եւ Տրակի կը ժամանեն Քիեւ

Այցին նպատակն է յաղթահարել այն քննադատութիւնը, որ ուքրանական իշխանութիւնները կ'արտայայտեն Ռուսիոյ հետ պատերազմին այս երկիրներու դիրքորոշումներուն վերաբերեալ:

 

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ վարչապետներ Օլաֆ Շոլց եւ Մարիօ Տրակի ժամանած են Քիեւ: 

Եւրոպացի առաջնորդները ժամանած են Ուքրանիա` քննարկելու երկրին Եւրոմիութեան անդամի թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու հարցը:

Ինչպէս նաեւ, այցին նպատակն է «յաղթահարել այն քննադատութիւնը», որ ուքրանական իշխանութիւնները կ'արտայայտեն Ռուսիոյ հետ պատերազմին այս երկիրներու դիրքորոշումներուն վերաբերեալ:

Միաժամանակ հնարաւոր է բարձրացնել սպառազինութիւններու մատակարարումներու աւելացման հարցը: Կ'ենթադրուի, որ Զէլէնսքին «պիտի դրդէ իր հիւրերը» աւելի շատ զէնք ուղարկելու:

Ուքրանիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի խորհրդական Վիքթոր Անտրուսիւն իր հերթին նշած է քաղաքական գործիչներու այցի մէկ այլ նպատակ. «Իմ տեղեկութիւններովս` Մաքրոն, Շոլց եւ Տրակի մեզի կը բերեն ԵՄ թեկնածութիւն եւ... խնդրանք վերադառնալու Փութինի հետ բանակցային գործընթացին», ըսած է Անտրուսիւը: