Օրերս Շարժայի մէջ տեղի ունեցած է Կիրակնօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՄԷ-ի Առաջնորդական թեմի դիմատետրի էջ, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝
Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի եւ Կազմակերպութեամբ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին Կիրակի 3 Ապրիլ, 2022-ին, տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարանի Շրջանաւարտից Հանդէսը։
Հանդէսը սկսաւ բացման խօսքով եւ Կիրակնօրեայի Քայլերգով, որմէ ետք եօթը շրջանաւարտները ներկայացուցին «Հաւատք, Յոյս, Սէր» խորագրով նիւթը եւ երգեցին «Մարմին Տէրունական» շարականը: Հանդիսութեան ընթացքին կարդացուեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի տեղեկագիրը, ապա Թաղական Խորհուրդի Ատենապետը ներկայացուց խորհուրդի խօսքը:
Սոյն ձեռնարկին ներկայ էր Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Ան ներկայացուց «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ» խորագրով նոր հրատարակուած գիրքը:
Հանդէսի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վկայականաց բաշխումը կատարելէ ետք, իր փակման խօսքին մէջ անդրադարձաւ կիրակնօրեայ վարժարանի կարեւորութեան մասին ըսելով՝ «կրօնական ու եկեղեցական նիւթերու փոխանցման կարեւոր կառոյց է կիրակնօրեայ վարժարանը», ապա՝ մատնանշելով բնորոշեց որ ներկայ ընկերութեան կեանքէն ներս քրիստոնէական եւ բարոյական դաստիարակութիւնը լուրջ նահանջի մէջ է եւ թելադրելի է որ ծնողները աւելիով քաջալերէն իրենց զաւակները մանուկ հասակէն յաճախելու կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի ապագային կարենանք առողջ ու քրիստոնէական սկզբունքներով առաջնորդուող ընկերութիւն ունենալ:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Սրբազան հօր պահպանիչով:
