image

Շառլ Միշէլը կարծես չի լսեր, թէ ինչ կ'ըսէ Եւրոպական խորհրդարանը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ. Նաթալի Լուազօ

Շառլ Միշէլը կարծես չի լսեր, թէ ինչ կ'ըսէ Եւրոպական խորհրդարանը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ. Նաթալի Լուազօ

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը, կարծես, չի լսեր, թէ ինչ կ'ուզէ ըսել Եւրոխորհրդարանը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ: Այդ մասին X-ի (նախկին Twitter) պաշտօնական էջին գրած է Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթակոմիտէի ղեկավար Նաթալի Լուազօն:

«Ռուսիան լուծում չէ, Թուրքիոյ հետ խորհրդակցութիւնները այնքան ալ լաւ գաղափար չեն: Եւրոպական դիւանագիտութիւնը պէտք է դադրեցնէ իմպրովիզացիան եւ աւելի զօրանայ»,- նշած է Լուազօն:

Այսպիսով եւրոպացի պատգամաւորը մեկնաբանած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի անդրադարձը ռուսական մարդասիրական բեռը Աղտամի ճանապարհով Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխելուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ էրտողանի հետ G20-ի շրջածիրէն ներս անոր ունեցած քննարկման: