Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել ողջունած է հայ ռազմագերիներու վերադարձը։
«Կ'ողջունենք Պաքուի կողմէ եւս 5 հայ գերիներու ազատ արձակումը` Պրիւսէլի մէջ 31 օգոստոսին կայացած քննարկումներէն ետք: Գերիներու առաջին երկկողմ փախանցումը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի համար ձեռքբերում է։ Մարդասիրական բոլոր առկայ խնդիրներու լուծումն առանցքային առաջնահերթութիւն է»,- «Թուիթըրի» իր էջին գրած է Միշել։
Նշենք, որ հայ ռազմագերիներու վերադարձը ողջունած էր նաեւ Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը։
Յիշեցնենք՝ երէկ Ատրպէյճանը Հայաստանին վերադարձուցած է հինգ հայ ռազմագերիներ։
ԱԱԾ-ն հրապարակած էր հայրենիք վերադարձած գերիներու անունները` նշելով, թէ կ'ողջունեն այս գործողութիւնը որպէս յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստող քայլ։