Դալար Շահինեանի «Անհայրենիք. Աքսորեալ Հայերէնի Քաղաքականութիւնը», ինչպէս նաեւ Արի Շէքէրեանի «Հայերը Եւ Օսմանեան Կայսրութեան Անկում Ցեղասպանութենէն Ետք, 1918-1923» հատորները արժանացած են Տէր Մկրտիչեանի անուան 2021-2023ի լաւագոյն գիրքերու մրցանակին։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Դալար Շահինեանի Stateless: The Politics of the Armenian Language in Exile («Անհայրենիք. Աքսորեալ Հայերէնի Քաղաքականութիւնը», 2023), ինչպէս նաեւ Արի Շէքէրեանի The Armenians and the Fall of the Ottoman Empire: After Genocide, 1918-1923 («Հայերը Եւ Օսմանեան Կայսրութեան Անկում Ցեղասպանութենէն Ետք, 1918-1923», 2023) հատորները արժանացած են Տէր Մկրտիչեանի անուան 2021-2023ի լաւագոյն գիրքերու մրցանակին։
Մինչ հատորներէն առաջինը, որ նուիրուած է արեւմտահայ գրականութեան անցած ուղիին եւ Սփիւռքի մէջ գոյատեւելու համար անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, երկրորդը կեդրոնացած է Հայոց Ցեղասպանութեան անմիջապէս յաջորդած տարիներուն Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայութեան վիճակին վրայ։
Մրցանակակիրները պիտի ստանան նաեւ 1000ական տոլար։
Նաեւ, պատուոյ յիշատակութեան արժանացած է Վարդան Մատթէոսեանի The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History and ‘Medz Yeghern’ («Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անուանելու Քաղաքականութիւնը. Լեզու, Պատմութիւն Եւ «Մեծ Եղեռն»») գիրքը։
Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել societyforarmenianstudies.com կայքը: