image

Սեւան Գապաքեանի կոչը ՝ «Եկած է գործելու ժամանակը»

  Սեւան Գապաքեանի կոչը ՝ «Եկած է գործելու ժամանակը»

Հայրենադարձութեան նպաստող ՝ Birthright Armenia կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն՝ Սեւան Գապաքեան ամանորեայ կարճ ուղերձով մը հանդէս գալով կոչ ըրած է սփիւռքահայ երիտասարդութեան աւելի մօտէն առնչուելու Հայաստանի հետ։ 

«Շատ ճակատագրական ժամանակներու մէջ կ՚ապրինք ու ատոր համար ալ բոլորս պէտք է միասին գործինք։ Անցած են Հայաստանը սիրելու, Հայաստանով տագնապելու կամ Հայաստանով մտահոգուելու ժամանակները եւ հասած է գործնական քայլերու անցնելու ժամանակը»ը շեշտած է արմատներով Պէյրութահայ մեր հայրենակիցը։

 «Արեւելք»ի ընթերցողներուն պարզենք, որ մասնաւորապէս հայրենադարձութեան ոլորտին մէջ, ունի կոթողական փորձ եւ ներդրում եւ «Յովնանեան հիմնարկութեան» ֆինանսաւորմամբ գործող Birthright Armenia կազմակերպութիւնը այդ առումով իրականանցուցած է հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ դէպի Հայաստան ուղորդելու ուն նաեւ Հայաստանեան գործունէութեան մէջ ներգրաւելու առաքելութեան մէջ։