image

Սերժ Սարգսեան պիտի չմասնակցի այսօր տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքի արարողութեան

Սերժ Սարգսեան պիտի չմասնակցի այսօր տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքի արարողութեան

Սեպտեմբեր 28-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի պիտի ունենայ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը, սեպտեմբեր 29-ին, պիտի վերաօծուի Մայր Տաճարը:

168.am-ը ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակին որոշ հարցեր ուղղած է՝ ճշդելու համար՝ արդեօք ան ստացա՞ծ է հրաւէր եւ ի՞նչ որոշում կայացուցած է արարողութիւններուն մասնակցելու վերաբերեալ:

«Այո, ՀՀ երրորդ նախագահը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից ստացել է հրաւէր՝ ներկայ գտնուելու սեպտեմբերի 28-ին եւ 29-ին նախատեսուած արարողութիւններին՝ Սրբալոյս Միւռոնօրհնութեանը եւ Մայր Տաճարի վերաօծմանը:

Սերժ Սարգսեանը հրաւէրի համար շնորհակալութիւն է յայտնել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ յայտնել որ, ցաւօք, չի կարող ներկայ գտնուել այդ արարողութիւններին, քանի որ անհնարին է համարում Հայաստանի գործող ապազգային կառավարիչների հետ նոյն վայրում որեւէ միջոցառման մասնակցելը:

ՀՀ երրորդ նախագահն իր այդ որոշման մասին Վեհափառ Հայրապետին յայտնել է դեռեւս օրեր առաջ՝ Վեհափառի հրաւէրով Սուրբ Էջմիածին այցի ժամանակ՝ Մայր Տաճարում իրականացուած մեծածաւալ աշխատանքներին ծանօթանալուց եւ Կաթողիկոսի հետ համազգային կարեւորագոյն խնդիրների շուրջ զրուցելուց յետոյ»,-պատասխանած են ՀՀ երրորդ նախագահի գրասենեակէն: