Դեկտեմբեր 24-ին ընդդիմադիր «Սերպիան ընդդէմ բռնութեան» դաշինքի կողմնակիցները փորձած են ներխուժել Պելկրատի քաղաքապետարան, իրաւապահները փակած են շէնքի մուտքը։ Դաշինքի ներկայացուցիչները դժգոհութիւն յայտնած են Սերպիոյ մէջ դեկտեմբեր 17-ին կայացած ընտրութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ։
ԹԱՍՍ-ը գրած է, որ հազարաւոր զայրացած մարդիկ շրջապատած են Պելկրատի քաղաքապետարանը եւ փորձած են գրոհել այն: Ցուցարարները պահանջած են չեղարկել քաղաքային ընտրութիւնները եւ իշխանափոխութիւն ընել։
Բողոքի ցոյցի լոյսին տակ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը դիմած է ժողովուրդին՝ յատուկ ուղերձով, ուր նշուած է, որ փողոց դուրս եկած է մօտ 2,5 հազար մարդ։
Վուչիչն ընդգծած է, որ Սերպիոյ մէջ յեղափոխութիւն պիտի չըլլայ։ Ան խոստացած է, որ «աւազակները» պիտի ձերբակալուին, իսկ իրաւապահ մարմինները պիտի շարունակեն գործել օրէնքի շրջագիծէն ներս։ Սերպիոյ նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է օտարերկրեայ հետախուզական ծառայութիւններուն, որոնք Պելկրատը զգուշացուցած են երկրի մէջ անկարգութիւններու նախապատրաստման մասին։
«Մի անհանգստանաք, յեղափոխութիւն չկայ, անոնց մօտ ոչինչ պիտի յաջողի, մենք ամէն ինչ կը փորձենք լուծել խաղաղ ճանապարհով», - ընդգծած է նախագահը ժողովուրդին ուղղուած հրատապ ուղերձի ժամանակ։