Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Տէրունական երկու մեծագոյն տօներուն (Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան) նախորդող օրերուն կը կատարէ արարողութիւններ, որոնք կը կոչուին ճրագալոյց:
Առաջինը, անպայման կը զուգադիպի Յունուարի 5-ին, որովհետեւ Ս.Ծնունդը Յունուարի 6-ին է, իսկ երկրորդը` Ս. Յարութեան կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը:
Ճրագալոյցը որպէս բառ եւ իմաստ կը նշանակէ ճրագ վառել, մոմ վառել, լուսաւորման օր: Փրկչի Սուրբ ծննդեան առիթով իբրեւ ծնունդ անմահ լոյսին:
Ճրագալոյցի օրը տեղի կ’ունենայ ժամերգութիւն, ընթերցուածք, երեկոյեան պատարագ տպաւորիչ մթնոլորտի մը մէջ: Հայ ժողովուրդը շատ կը սիրէ գիշերային արարողութեանց այդ պահը, մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ կ’ըլլան եկեղեցի` Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալու, փակելու իրենց պահեցողութիւնը եւ դիմաւորելու Սուրբ Ծննդեան Աւետիսը, վառուած մոմերով աստուածային լոյսը իրենց յարկերէն ներս տանելու որպէս խորհրդանիշ` վերստին լուսաւորման Քրիստոսի անմար լոյսով:
Ճրագալոյցի երեկոյեան պատարագէն ետք կրօնական առումով արդէն իսկ ծնունդ է եւ դպիրները երգելով կ’աւետեն. «ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ»:
Հնաւանդ սովորութեան համաձայն մինչեւ ուշ գիշեր եկեղեցասէր խումբեր կը շրջին թաղերը եւ հայ հաւատացեալներու բնակարաններուն առջեւ կ’երգեն եւ կը նուագեն ծննդեան հոգեպարար շարականներ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի», «Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան»: Այս աւանդութիւնը մեծ ընդունելութիւն ունի մեր ժողովուրդին մօտ: Անցեալին ,հայ ընտանիքներ հրճուանքով կը սպասէին երգեցիկ խումբերը, իրենց դռները լայն կը բանայնին անոնց առջեւ, կը հիւրասրիրէին զանոնք, կը քաջալերէին ու բարեմաղթանքներով նուէրներ կու տային:
Ճրագալոյցը ժողովրդական անուանում մը ունի, որ կը կոչուի «Խթում». Ճրագալոյցի ընթրիքը իւրաքանչիւր գաւառ եւ միջավայր իր սովորութեան եւ աւանդութեանց համաձայն կը կատարէր իւրայատուկ ձեւով:
Անցեալին սովորութիւն էր Ճրագալոյցի -Խթումի արարողութեան ընթացքին հաւատացեալներ իրենց ձեռքերուն մէջ վառուած մոմ կը բռնէին: Աւանդութիւն էր, որ տուներուն մէջ եւս ճրագ մը վառուած մնար, որպէսզի Ս. Ծննդեան աւետիսը տարածող մոգերը կարենային այցելել եւ նուէրներ ու առատ ուտելիքներ տանիլ աղքատներուն:
Սիրուն է խթման աւանդութիւնը , երբ իւրաքանչիւր ընտանիք իր ընթրիքի սեղանին վրայ զետեղած է Քրիստոսի լոյսը` խորհրդանշուած մոմով եւ աղօթք մատուցանելէ յետոյ Ս. Ծննդեան աւետիսը կը փոխանցէ. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, Ձեզի մեզի մեծ աւետիս» խօսքերով զիրար շնորհաւորելով եւ բարեմաղթութիւններ կատարելով, միասնաբար ընթրիքի սեղանին շուրջ նստելով, ուրախանալով:
Սովորաբար, ընթրիքին պատրաստուած կ’ըլլան ձուկ, բանջարեղէն, շոմին, հաւկիթ, գինի որպէս հիմնական եւ աւանդական ուտելիքներ, ինչպէս նաեւ զանազան այլ սնունդներ, միջավայրի սովորութեանց եւ բարքերուն համաձայն:
Անցեալին, Ճրագալոյցի երեկոյեան հաւաքական ընթրիք մը կը կատարուէր նաեւ վանականներուն միջեւ հայրապետին կամ երիցագոյնին գլխաւորութեամբ, որպէս սիրոյ ճաշ եւ բարեմաղթութեանց երեկոյ: Թեմերու պարագային քահանաները իրենց առաջնորդին հետ միասին կը կատարէին սիրոյ ընթրիքը, զիրար շնորհաւորելով եւ բարեմաղթութիւններ կատարելով:
Ճրագալոյցին յաջորդող օրը՝ Յունուար 6 -ին, առտու կանուխ կը ղօղանջէր եկեղեցւոյ զանգակը ու ժողովուրդը դարձեալ կը փութար այնտեղ՝ տօնելու համար Քրիստոսի Ծնունդը: Այդ օրը կը կատարուի նաեւ Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութեան աւանդական արարողութիւնը: Ասոր համար կ՝ընտրուի, Ս. Խաչին այսինքն Յիսուս Քրիստոսի կնքահայրը:
6 Յունուարին Ս. Ծննդեան Ս. Պատարագէն ետք կը կատարուի Ջրօրհնէքը, որ կը խորհրդանշէ Յորդանան գետի Քրիստոսի մկրտութիւնը։ Խաչով եւ Սրբալոյս Միւռոնով օրհնուած հրաշագործ ջուրը կը բաժնէ ժողովուրդին՝ իբրեւ բժշկութիւն հոգեւոր եւ մարմնաւոր հիւանդութիւններէ։
Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններու շարքին կը կատարուի նաեւ Տնօրհնէքի արարողութիւնը։ Անցեալին, Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներէն ետք, մարդիկ հոգեւորականներ կը հրաւիրեն իրենց տուները կամ աշխատավայրերը՝ տօնի կենարար աւետիսը եւ աստուածային օրհնութիւնը ստանալու նպատակով։
Հին ժամակներուն երբ եկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին կը հասնէին, եկեցեցւոյ դպիրները իրենց վարժապետին ընկերակցութեամբ կ՝այցելէին տուները՝ «Աւետիս» երգելու համար:
«Մելքոն ,Գասպար եւ Պաղտասար,Աւետիս
Այսօր տօն է սուրբ ծննդեան, աւետիս,
Եփէ մայրիկ եփէ թանէլի բիլաֆ
Հիմա պապան կուգայ, անօթի ծարաւ
Պապային պաստօնը տունը մնացեր
Սօֆիային աչքը դուռը մնացեր...
Մայրիկ Շատ Տարիներու »:
Այս ձեւով ամէն տունէ կը ստանային քանի մը ղուրուշ եւ կամ այլ նուէր: Նոյն «Աւետիս» երգերը կ՛երգէին նաեւ թաղի երտասրադները, իսկ թաղի պատանիները, պայուսակ մը իրենց ձեռքին, տունէ տուն այցելելով, կը սկսէին «Աւետիս» երգել: Տանտիկինները պայուսակները կը լեցնէին հաւկիթով, իւղով, պտուղներով, ղաւուրմայով եւ զանազան նուէրներով:
Ծննդեան այդ օրը նաեւ Մելքոն, Գասպար, Պաղտասար, Էմմանուէլ, Մանուէլ, Նազարէթ, Նազար, Աւետիս անունը կրող տղամարդոց անուանատօնն է: Այնպէս որ, անոնց բոլորին տուներուն սեղանները այդ օրը ճոխ կ՝ըլլային ու տան մէջ կը կատարուէին հիւրընկալութիւն ու խրախճանք:
Սուրբ Ծնունդը հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ կը կոչուէր նաեւ պզտիկ Զատիկ:
Ընդունուած սովորութեան համաձայն Ծննդեան տօնին տան փոքրերը իրենց գոց սորված քանի մը երգերու համար եւ «Մելքոն ,Գասպար ,եւ Պաղտասար Աւետիս» երգելով նուէրներ կը ստանային իրենց մեծերէն: Տօնի առիթով բոլոր մանուկները նոր պարեգօտ-զգեստ, գդակ, կօշիկ կը հագուէին, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր անոնց:
7 Յունուարին, ինչպէս եւ բոլոր տաղաւար (մեծ, գլխաւոր) տօներուն յաջորդող օրերը, հանգուցեալներու յիշատակութեան օրն է՝ Մեռելոցը։ Անցեալին, 7 Յունուարին՝ Ս. Պատարագէն ետք, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուէր հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մարդիկ կ'այցելեն հարազատներու շիրիմները։
Ս. Ծննդեան տօնի հանդիսութիւնները կ'աւարտին 13 Յունուարին ՝ Տիրոջ Անուանակոչութեամբ, որ նուիրուած է Յիսուս Մանուկի տաճար ընծայելուն, 8-րդ օրը թլփատելու եւ անուանակոչելու յիշատակին:
Ահաւասիկ,Սուրբ Մովսէս Խորենացիի Սբ. Ծննդեան օրհնութեան շարականը ,որ դարեր շարուանակ կը հնչէ ու կ՛աւետէ մեծ ուրախութեամբ Քրիստոսի ծնունդը եւ յայտնութիւնը:
Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի,
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս՝
Տան Աւետիս աշխարհի։
Ծնաւ նոր արքայ
Ի Բեթղեհէմ քաղաքի,
Որդիք մարդկան, օրհնեցէ՛ք,
Զի վասն մեր մարմնացաւ։
Անբաւելին երկնի եւ երկրի
Ի խանձարուրս պատեցաւ,
Ոչ մեկնելով ի Հօրէ՝
Ի սուրբ այրին բազմեցաւ։
Քրիստոս Ծնաւ Եւ Յայտնեցաւ
Մեզ Եւ Ձեզ Մեծ Աւետիս։
Օրհնեալ Է Յայտնութիւնը Քրիստոսի
Տոքթ.Սարգիս Ատամ