image

Աւագ շաբաթ․ Ճրագալոյց Զատկի

Աւագ շաբաթ․ Ճրագալոյց Զատկի

Այս օրը պատկերն ու օրինակն է արարչութեան եօթերորդ օրուան, երբ Աստուած հանգստացաւ Իր բոլոր գործերէն: Աստուած վեց օրուան մէջ արարեց աշխարհը, իսկ եօթերորդ օրը հանգստացաւ: Անցած օրերն Աստուած պատուեց արարչութեամբ, իսկ այս օրը՝ օրհնութեամբ եւ սրբութեամբ:

Մեծախորհուրդ այս շաբաթ օրը կը յիշատակուին Տիրոջ թաղումը եւ հանգիստը գերեզմանին մէջ (Մատթ. ԻԷ 57-61): Այս օրը Յիսուս մարդոց հոգիներու չարչարանքներու տունը՝ դժոխքն աւերեց եւ բացաւ հանգստեան տունը՝ Դրախտը: Իսկ եօթներորդ ժամանակաշրջան հասնելուն պէս Տէրը կրկին պիտի գայ եւ արդարներուն շնորհէ աշխարհի սկիզբէն անոնց համար պատրաստուած արքայութիւնը՝ յաւիտենական հանգիստը:

Ըստ Եկեղեցական կարգի՝ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը սկսի նոր օր: Երեկոյեան կը մատուցուի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ, որու աւարտին կ՚ազդարարի Փրկիչի հրաշափառ Յարութեան աւետիսը. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»: Այս աւետիսով կ՚աւարտի Մեծ Պահքը:

Թէեւ Տիրոջ թաղման յիշատակի օրն Աւագ շաբաթն է, սակայն թաղման գլխաւոր արարողակարգը կը կատարուի Աւագ ուրբաթ երեկոյեան: Իսկ Աւագ շաբաթ օրուան երեկոյեան կը կատարուի Ս. Զատկի ճրագալոյցի արարողութիւնը՝ այսպիսով եզրափակելով Տիրոջ չարչարանքներու շաբաթը եւ աւետելով անոր յարութիւնը մեռելներէն: