«Սատարենք մեր հերոսներուն» բարեգործական Հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAA, ԱՀԱԸ) ստորագրած են Փոխըմբռնման յուշագիր, որու համաձայն՝ ԱՀԱԸ կը հովանաւորէ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ գիւղի նոր թաղամասի կառուցման 16 տուներէն 6-ի շինարարութիւնը։
Մասնակցութիւնը այս ծրագրին AMAA-ի Արցախը վերականգնելու եւ զայն վերաբնակեցնելու առաքելութեան մէկ մասն է։ Պատերազմէն անմիջապէս յետոյ, ԱՀԱԸ-ն վերստին ձեռնամուխ եղած է՝ ոչ միայն առաջին օգնութիւն տրամադրելու, այլ նաեւ օգնելու վերակառուցել քանդուածը։ Մինչ օրս՝ ԱՀԱԸ-ն Արցախի մէջ նորոգած է 17 տուն Ստեփանակերտ եւ Մարտունի քաղաքներուն մէջ ։
«Սատարենք մեր հերոսներուն» բարեգործական ՀԿ-ն նախաձեռնած է Նախիջեւանիկ գիւղի նոր թաղամասի կառուցման ծրագիրը 2021-ի Յունուարին: Արցախի կառավարութեան կողմէ կազմակերպութեան նուիրաբերուած է 3 հեկտար հողատարածք: Կազմակերպութիւնը արդէն ամբողջացուցած է հողային ուսումնասիրութեան բոլոր աշխատանքները եւ 16 սեփական բնակելի տուներու՝ նոր թաղամասի, ինչպէս նաեւ՝ թաղային ենթակառուցուացքներու եւ հանրային զբօսայգիին համար մշակած է մանրամասն նախագիծեր եւ նախահաշիւ: Միեւնոյն ժամանակ՝ կազմակերպութեան դիմումին հիման վրայ, ՀՀ կառավարութեան կողմէ ծրագիրը ճանաչուած է բարեգործական։
Նախիջեւանիկի մէջ հողային աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են: Այժմ կը կատարուին հարթեցման եւ հիմքերու քանդման աշխատանքներ։
2022-ի սկիզբէն սկսեալ, «Սատարենք մեր հերոսներուն» բարեգործական ՀԿ-ն կը նախատեսէ կազմակերպել Նախիջեւանիկի նոր թաղամասի շինարարութեան ծրագրին ուղղուած բազմաթիւ դրամահաւաքներ:
Արցախի Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ գիւղի նոր թաղամասի ծրագրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է այցելել հետեւեալ յղումով՝ https://www.supportourheroes.am/am/projects/nakhijevanik-project: