image
Հրատապ լուրեր:

Սամուէլ Կարապետեանի՝ 17 Նոյեմբերի դատին ընդառաջ «Մեր ձեւով» ժողովրդական շարժման անդամները պիտի հաւաքուին դատարանի մօտ

Սամուէլ Կարապետեանի՝  17 Նոյեմբերի դատին ընդառաջ «Մեր ձեւով» ժողովրդական շարժման անդամները պիտի հաւաքուին դատարանի մօտ

«Մեր ձեւով» ժողովրդական շարժման կարգ մը անդամներ տեսաուղերձներու շարք մը հրապարակած են ընկերային ցանցերով, որոնցմով յայտնած են, որ գալ երկուշաբթի 17 նոյեմբերին, ժամը 16։00-ին շարժման անդամները պիտի հաւաքուին դատարանին մօտ իրենց աջակցութիւնը յայտնելու գրեթէ հինգ ամիս կալանքի տակ գտնուող Սամուէլ Կարապետեանին։

Յիշեցնենք, որ 17 նոյեմբերին, առաւօտեան 10:00-ին դատարանը պիտի սկսի քննել ՀՀ քննչական կոմիտէի կողմէ ներկայացուցած միջնորդութիւնը «Մեր ձեւով» ժողովրդական շարժման առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի կալանքը երկարաձգելու  վերաբերեալ ։