ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչի հետ։
Սպիտակ տան տուեալով՝ ի թիւս քննարկուած հարցերու՝ ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կարեւորութիւնը։
Թրքական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ քննարկուած են Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները, Կազայի մէջ Իսրայէլի յարձակումները, իրավիճակն Ուքրանիոյ մէջ եւ տարածաշրջանային այլ հարցեր։