Երկու երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման շրջանակներուն մէջ եւ համապատասխան յանձնարարականներու հիման վրայ, Մայիս 24-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջպետական սահմանին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի առաջին հանդիպումը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու համատեղ աշխատանքի ձեւաչափով:
Կողմերը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` յանձնաժողովներու շրջանակներուն մէջ աշխատանքներ տանելու սահմանազատման եւ այլ համապատասխան հարցերու, այդ շարքին` սահմանային անվտանգութեան ապահովման հարցերու շուրջ:
Քննարկուած են յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցեր:
Միջպետական սահմանին հանդիպումներուն հետ մէկտեղ` կողմերը համաձայնութեան եկած են յանձնաժողովներու հետագայ հանդիպումներու կայացման համար տարբեր հարթակներ օգտագործելու նպատակայարմարութեան շուրջ: Մասնաւորապէս` պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկրորդ հանդիպումը կայացնել Մոսկուայի մէջ, երրորդը` Պրիւքսէլի մէջ: