image

Սահակաշվիլիի համար ցոյցեր եւ բերման ենթարկուածներ

Սահակաշվիլիի համար ցոյցեր եւ բերման ենթարկուածներ

Թիֆլիսի մէջ նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիին աջակցող բողոքի շարժումներու ժամանակ ձերբակալուած է 46 մարդ։

Առաւօտեան Սահակաշվիլիի կողմնակիցները բողոքի շարժումներ կատարեցին տարբեր վայրերու մէջ՝ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան, արդարադատութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան շէնքերուն մոօ։ Ցուցարարները կը պահանջէին նախկին նախագահը ազատ արձակել բանտէն, ինչպէս նաեւ նշանակել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։

«Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութեան նախագահ Նիքա Մելիան ըսած է. «Մենք պիտի ընենք այն, ինչ նախկապէս երբեք չեն ըրած քաղաքական գործիչները, քաղաքական կուսակցութիւնները, ինչը մեզի բնորոշ չէ։ Մենք վարժ ենք մէկ կէտի մէջ կռուիլ, եւ այդ իշխանութիւններուն թոյլ կու տար շունչ քաշել, բայց հիմա հակառակը պիտի ընենք եւ աստիճանաբար պիտի աւելցնենք տեղանքները, մինչեւ ամբողջ Թիֆլիսը ծածկուի շարժումներով»։

Յիշեցնենք, որ երէկ Սահակշվիլին տեղափոխուած է բանտային հիւանդանոց: