Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին կրկին անդրադարձած է նախկին նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլիի յայտարարութեանն առ այն, որ կը պատրաստուի հայրենիք վերադառնալ, գրած է apsny.ge կայքը:
«Եթէ ան կ'ուզէ գալ, թող գայ: Արդէն 8-9 տարի է, ինչո՞ւ չի կրնար գալ, ի՞նչ կը կարծէք, որովհետեւ վախկոտ է, նապաստակ, վախկոտ մարդ», - ըսած է Ղարիպաշվիլին՝ Սաակաշվիլիի այն յայտարարութեան վերաբերեալ, ըստ որու՝ Երկուշաբթի պիտի յայտարարէ Վրաստանի վերաբերեալ իր ծրագրերու մասին:
Ինչպէս լրագրողներուն տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է Ղարիպաշվիլին, Սաակաշվիլիի հերթական «յիմար սադրանքը» միայն ժպիտ կ'առաջացնէ:
«Ես շատ կ'ուզեմ, որ Սաակաշվիլին գայ, մենք շատ կը զուարճանանք: Ես անոր խոստացած եմ, որ փողկապերու շատ գեղեցիկ հաւաքածոյ պիտի պատրաստեմ եւ ուղարկեմ բանտ՝ վերանորոգուած բանտ: Սա Սաակաշվիլիի ճակատագիրն է», -ըսած է Ղարիպաշվիլին:
Նշենք, որ Վրաստանի երրորդ նախագահ Միխէիլ Սաակաշվիլին 6 Սեպտեմբերին հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ`Վրաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու վերաբերեալ իր ծրագրերու եւ անմիջական մասնակցութեան մասին: Այս մասին Սաակաշվիլին գրած է ընկերային ցանցի իր էջին: