image

Սա ոչ թէ կարգաւորման, այլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխադարձ վստահութեան ստեղծման գործընթաց է. Սերտար Քըլըչ

Սա ոչ թէ կարգաւորման, այլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխադարձ վստահութեան ստեղծման գործընթաց է. Սերտար Քըլըչ

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Թուրքիոյ բանագնաց Սերտար Քըլըչը Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին քննարկման ժամանակ ըսած է, որ հայ-թրքական կարգաւորումը շատ կարեւոր  հարց է եւ որ կողմերու միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին:

«Մոսկուայի մէջ հանդիպման ժամանակ մենք նշած ենք հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացի հիմնական չափորոշիչները եւ կողմ ենք ամբողջական կարգաւորման», -ըսած է Քըլըչը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ տեսանկիւնէ՝ սա ոչ թէ կարգաւորման, այլ երկու երկրի միջեւ փոխադարձ վստահութեան ստեղծման գործընթաց է:

«Կը կարծեմ՝ ճիշդ ուղղութեամբ կը շարժինք: Մենք պէտք է համապատասխան միջոցներ ձեռնարկենք վստահութեան ամրապնդման համար: Պէտք է կեդրոնանանք այն պահերու վրայ, որոնք մեզ կը միաւորեն, այլ ոչ թէ բաժանեն: Հակառակ պարագային կողմերու միջեւ հեռաւորութիւնը աւելի կը մեծնայ», -ըսած է թուրք դիւանագէտը: