image

S-400-ներու գնման հարցով էջը փակուած է. Չաւուշօղլու

S-400-ներու գնման հարցով  էջը փակուած է. Չաւուշօղլու

 

Թուրքիան պատրաստ է մանրամասն բանակցութիւններու՝ Միացեալ Նահանգներու հետ տարաձայնութիւնները լուծելու համար: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն` մեկնաբանելով այսօր` 24 մարտին Պրիւքսէլի մէջ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ կայացած բանակցութիւններու արդիւնքները, գրած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Անոր խօսքերով ՝ ՆԱԹՕ-ի շտաբ-բնակարանին մէջ ամերիկացի գործընկերոջ հետ բանակցութիւններն անցած են կառուցողական կերպով:

Չաւուշօղլուն ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթընի Պլինքընին ըսած է, որ Անգարայի կողմէ ռուսական С-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերման հարցը փակ է:

Թուրք եւ ամերիկացի պաշտօնեաներու բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Պրիւսքէլի մէջ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման շրջածիրէն ներս:

«Մենք նորէն յիշեցուցած ենք անոր, թէ ինչու Թուրքիան Ռուսաստանէն գնած է С-400-ները: Համալիրները գնուած են, եւ այժմ հարցը փակուած է», - ըսած է Չաւուշօղլուն թուրք լրագրողներուն Պրիւքսէլի մէջ:

2019-ի յուլիսի կէսերուն մեկնարկած են ռուսական նորագոյն С-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարումները, որոնք «ճգնաժամի» պատճառ դարձած են ԱՄՆ-ի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ:

Ուաշինկթընը պահանջած է հրաժարիլ գործարքէն եւ ատոր դիմաց գնել ամերիկեան Patriot համակարգեր՝ սպառնալով յետաձգել կամ նոյնիսկ չեղեալ յայտարարել վերջին «Ֆ-35» կործանիչներու վաճառքը Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ կիրառել՝ համաձայն CAATSA-ի (պատժամիջոցներու միջոցով ԱՄՆ հակառակորդներուն հակազդելու մասին օրէնք,-խմբ.):

Անգարան հրաժարած է զիջումներու երթալէ եւ շարունակած է բանակցութիւնները С-400-ներու լրացուցիչ խմբաքանակի շուրջ: