Անցած 24 ժամուան ընթացքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիին մէջ ատրպէյճանական զինուժի կողմէ հրադադարի պահպանման ռեժիմի երեք խախտում գրանցուած է, յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Լեռնային Ղարաբաղի զինուած կազմաւորումներու ներկայացուցիչը վիրաւորուած է: Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնն ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու ներկայացուցիչներու հետ համատեղ յանգուցալուծած է իրավիճակը։ Կողմերու շփման գիծին փոփոխութիւններ թոյլ չեն տրուած»,- ըսուած է հաղորդման մէջ։
Նշուած է, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ։ Քսանեօթ դիտակէտերու մէջ ռուս խաղաղապահներն իրավիճակի շուրջօրեայ դիտարկում կ'իրականացնեն եւ կը վերահսկեն հրադադարի ռեժիմի պահպանումը։
Պարեկութիւն կ'իրականացուի հինգ երթուղիներով՝ Մարտակերտի, Մարտունիի, Շուշիի շրջաններուն մէջ եւ Լաչինի միջանցքին։
Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութեան ապահովման եւ հնարաւոր միջադէպերու կանխման համար շարունակական փոխգործակցութիւն կը պահպանուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապներու հետ։