Ռուսիոյ եւ Չինաստանի յարաբերութիւնները դիմացան միջազգային ճնշման եւ կայուն կը զարգանան։ այսօր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Չինաստանի Կոմկուսի Կեդրոնական կոմիտէի քաղական բիւրոյի անդամ, Չինաստանի կոմկուսի Կեդրոնական կոմիտէի արտաքին գործերու յանձնաժողովի գրասենեակի ղեկավար Վան Ին:
«Բարդ, անկայուն միջազգային իրավիճակին մէջ ռուս–չինական յարաբերութիւնները դիմացան միջազգային հանրութեան ճնշման եւ շատ կայուն կը զարգանան»,-ըսած է Վան Ին Ռուսիոյ նախագահի հետ հանդիպման ժամանակ:
Դիւանագէտի խօսքով՝ Չինաստանը պատրաստ է ամրապնդելու Ռուսիոյ հետ քաղաքական փոխվստահութիւնը եւ ռազմավարական համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով՝ ի շահ երկու երկիրներու եւ ամբողջ աշխարհի:
«Թոյլ տուէք փոխանցել Ձեզի նախագահ Սի Ծինփինի անկեղծ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։ Անցեալ տարուան վերջին Չինաստանի նախագահը ձեզի հետ հանդիպեցաւ տեսակապի միջոցաւ՝ համաժողովի ձեւաչափով, համակողմանի ամփոփեցինք մեր յարաբերութիւններու ձեռքբերումները, որ նախանշեց ատոնց զարգացման հսկայ ծրագիրը», -ըսած է Վան Ին Ռուսիոյ ղեկավարին։
Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ղեկավարներու համաժողովը տեղի ունեցած է 2022 թուականի վերջը, այն ժամանակ Փութին հրաւիրած էր Սի Ծինփինին 2023 թուականին Մոսկուա, եւ երկիրներու յարաբերութիւնները անուանած էր՝ օրինակելի համագործակցութիւն։