Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ երկխօսութիւնը կը բացակայի, երկկողմ յարաբերութիւնները կը գտնուին զերոյական կէտի վրայ: Այս մասին յայտնած է Քրեմլինի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով 2021 թուականին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած ռուս-ամերիկեան գագաթաժողովի արդիւնքները:
«Ռուս-ամերիկեան երկխօսութիւնը, որպէս այդպիսին, կը բացակայի», ըսած է Փեսքով:
Ան յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի շփումը անհրաժեշտ է, սակայն այդ պէտք է ըլլայ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներու վրայ: Անոր խօսքով` վերադարձ ժընեւեան ոգիին հազիւ թէ ըլլայ, սակայն կրնան ըլլալ նոր յոյսեր, շփման նոր կարգ:
Ժընեւի մէջ 2021-ի Յունիսին կայացած ռուս-ամերիկեան գագաթաժողովի արդիւնքներով կողմերը յայտարարած էին ռազմավարական կայունութեան ուղղուած համապարփակ երկխօսութեան գործարկման մտադրութեան մասին` ստեղծելու սպառազինութիւններու նկատմամբ ապագայ վերասկողութեան հիմք: