Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզինը Երեւանի մէջ երէկ՝ 25 Ապրիլին, խորհրդակցութիւններ ունեցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալների հետ, ինչպէս նաեւ առանձնազրոյց ունեցած ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ, յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը:
Մանրամասն քննարկուած է տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակը, առաջին հերթին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատւութեան գօտիին մէջ իրավիճակի սրումը:
Կարեւորուած է հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման բոլոր ուղիներով ջանքերու աշխուժացումը՝ համաձայն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի յունուար 11-ի, նոյեմբեր 26-ի եւ 2022 թուականի հոկտեմբեր 31-ի պայմանաւորուածութիւններու։
Ուշադրութեան կեդրոնին եղած է նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ ծագած խնդիրներու եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման շուրջ կարծիքներու փոխանակումը:
Կողմերը նշած են հայ-ռուսական դաշնակցային փոխգործակցութեան դրական ընթացքը։ Արձանագրուած է առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու մէջ անցեալ տարի գրանցուած մրցանշային ընթացքը։
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել շփումները։