image

Ռուսիան Թուրքիոյ 9 միլիառ տոլար նոր ֆինանսաւորում տրամադրուած է «Աքկույու» աթոմակայանի համար. Պայրաքթար

Ռուսիան Թուրքիոյ 9 միլիառ տոլար նոր ֆինանսաւորում տրամադրուած է «Աքկույու» աթոմակայանի համար. Պայրաքթար

Ռուսիան Թուրքիոյ 9 միլիառ տոլար նոր ֆինանսաւորում տրամադրած է «Աքքույու» աթոմակայանի համար՝ յայտնած է Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքթարը:

«Այդ միջոցները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի օգտագործուին 2026-2027 թուականներուն։ Անոնցմէ առնուազն 4-5 միլիառ տոլար պիտի ներգրաւուի 2026 թուականին օտարերկրեայ ֆինանսաւորման տեսքով»,- Reuters-ի հաղորդմամբ՝ ըսած է նախարարը:

2010 թուականի համաձայնագրի համաձայն՝ «Ռոսաթոմը» կը կառուցէ երկրին մէջ առաջին աթոմային ելեկտրակայանը, որ կը գտնուի Միջերկրական ծովու Մերսին նահանգին մէջ: Կ՚ակնկալուէր, որ «Աքքույու» աթոմակայանը շահագործման պիտի յանձնուի այս տարի, սակայն գործարկումը յետաձգուած է:

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ Անգարան բանակցութիւններ կը վարէ Հարաւային Քորէայի, Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի հետ Սինոփ նահանգին եւ Թրակիայի շրջանին մէջ միջուկային նախագիծերու վերաբերեալ՝ աւելցնելով, որ Թուրքիան կ՚ուզէ ստանալ աւելի մրցունակ առաջարկ: