image

Ռուսիան կ՚ակնկալէ Փաշինեանի մասնակցութիւնը Մոսկուայի մէջ ԵԱՏՄ գագաթնաժողովին. Քոփիրքին 


Ռուսիան կ՚ակնկալէ Փաշինեանի մասնակցութիւնը Մոսկուայի մէջ ԵԱՏՄ գագաթնաժողովին. Քոփիրքին  


Ռուսիան կ'ակնկալէ, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցի մայիսին Մոսկուայի մէջ կայանալիք ԵԱՏՄ (Եւրասիական տնտեսական միութեան) յոբելեանական գագաթնաժողովին, ՌԻԱ «Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Երեւանի մօտ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին։

«Յիշեցնեմ, որ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նախագահէ Եւրասիական տնտեսական խորհուրդը, որ կ'ենթադրէ նաեւ պատուիրակութիւններու փոխանակում եւ փոխադարձ այցելութիւններ։ Մայիսին կը նախատեսուի Մոսկուայի մէջ կատարել Եւրասիական տնտեսական միութեան յոբելեանական գագաթնաժողովը եւ, բնականաբար, ռուսական կողմը կ'ակնկալէ երկրի ղեկավարի՝ վարչապետ Փաշինեանի մասնակցութիւնը»,-ըսած է դեսպանը։

Անոր խօսքով, միջպետական յարաբերութիւններու կիրառման մէջ սովորական երեւոյթ է  բարձր մակարդակով փոխայցելութիւնները, եւ այդ հարցը եղած է, կայ եւ կը մնայ օրակարգին վրայ։ Ան աւելցուցած է, որ շարք մը հրաւէրներ կան ռուսական կողմէն հայ գործընկերներուն՝ մասնակցելու 2024 թուականին նախատեսուած նշանակալից միջոցառումներուն։

«Ես հիմա ամէն ինչ չթուարկեմ, մենք կ'աշխատինք այդ հարցին վրայ, ի հարկէ, նման փոխանակումներ, անոնց կարգին՝ բարձր, ամենամակարդակով այցելութիւններ օրակարգի վրայ են»,- նշած  է դեսպանը։