image

Ուքրանիան ԵՄ-էն լրացուցիչ ֆինանսաւորում կ՚ակնկալէ. Զելենսքի

Ուքրանիան ԵՄ-էն լրացուցիչ ֆինանսաւորում կ՚ակնկալէ. Զելենսքի

 

Վլատիմիր Զելենսքին ռուս-ուքրանական պատերազմի սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ մեկնած է Սերպիա, ուր զինք ընդունած է նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը։

Ուքրանիոյ եւ Սերպիոյ ղեկավարներուն հանդիպման օրակարգին վրայ եղած են տնտեսութեան ընդլայնման, անվտանգութեան, Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու եւ հնարաւոր եւրոպական համարկման վերաբերող հարցեր։

«Քիեւը միշտ պատրաստ է կառուցողական գործակցութեան՝ փոխադարձ օգուտի եւ յարգանքի վրայ հիմնուած», յայտարարած է Զելենսքին։

Աւելի ուշ, համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Ուքրանիոյ նախագահը յայտնած է, որ ԱՄՆ-ը ամէն ամիս Քիեւին պիտի տրամադրէ «Patriot» համակարգերու հրթիռներ։ Համապատասխան համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է։ Սակայն, ըստ Զելենսքիի, այդուհանդերձ, անիկա բաւարար չէ Ուքրանիոյ երկինքը ամբողջութեամբ պաշտպանելու համար։

«Մեզի նաեւ ԵՄ-էն յաւելեալ ֆինանսաւորում անհրաժեշտ է, որ խթանենք Ուքրանիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը եւ կրկնապատկենք արտադրութիւնը», մանրամասնած է Զելենսքին՝ ընդգծելով հակառուսական պատժամիջոցները խստացնելու կարեւորութիւնը։

Վուչիչն ալ մտահոգութիւն յայտնած է, որ պատերազմը մօտ ապագային դժուար թէ աւարտի։

«Կը վախնամ, որ բոլորիս դժուար ձմեռ մը կը սպասէ», ըսած է Սերպիոյ նախագահը՝ աւելցնելով, որ, այդուհանդերձ, Պելկրատը եւ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը կը ցանկան, որ հակամարտութիւնը կարգաւորուի։