Ռուսիան եւ ԱՄՆ-ն Ապու Տապիի մէջ բանտարկեալներու փոխանակում կատարած են: ԱՄՆ-ն ազատ արձակած է Ռուսիոյ քաղաքացի Արթուր Փեթրովը, որ ԱՄՆ-ի պահանջով ձերբակալուած էր 2023 թուականին Կիպրոսի մէջ՝ պատժամիջոցներու խխատմամբ միքրոելեկտրոնիք սարքեր արտահանելու կասկածանքով, յայտնած է wsj.com-ը։
Ռուսիան ազատ արձակած է ԱՄՆ քաղաքացի Քսենիա Քարելինան, որ անցեալ տարի դատապարտուած էր 12 տարուան ազատազրկման խիստ ռեժիմի գաղութին մէջ՝ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերուն գումար փոխանցելու համար:
Փոխանակման շուրջ բանակցութիւններ վարած են Կեդրոնական հետախուզական վարչութիւնը (CIA) տնօրէն Ճօն Ռաթքլիֆը եւ ռուսական հետախուզութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան: