image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիա C300 հրթիռներով հարուածած է Զապորոժիէն

Ռուսիա C300 հրթիռներով հարուածած է Զապորոժիէն

Ուքրանիոյ Քիեւի, Օտեսայի, Չեռնիկովի, Փոլթավայի, Քիրովոկրատի եւ Նիքոլաեւի մարզերուն մէջ օդային տագնապ յայտարարուած է: Այս մասին հաղորդած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ն:

Մինչդեռ korrespondent.net-ը, գրած է, որ ռուսական զօրքերը C300 հրթիռներով հարուածած են Զապորոժիէն, ոչնչացուած է բնակելի շէնք եւ ենթակառուցուածքային կառոյցներ։ Այս մասին յայտարարած է շրջանային ռազմական վարչակազմի ղեկավար Ալեքսանտր Սթարուխը։

«Նախնական տեղեկութիւններով՝ զոհեր չկան, կայ երեք վիրաւոր, տուեալները կը ճշդուին։

Յարձակման հետեւանքով բնակելի բազմայարկ շէնքին մէջ վնասուած է կազահամակարգը, հրդեհ բռնկած է, քանդուած է պատ։ Այնտեղ արդէն կ'աշխատին մասնագիտացուած ծառայութիւններ»,-ըսած է ան։

Բացի այդ, հարուածներ եղած են ենթակառուցուածքներու կառոյցներուն: