image

Ռուսաստան Արեւմտեան Պլոքի նուիրած զինամթերքը կ՚ոչնչացնէ «Քալիպր» հրթիռներով

Ռուսաստան  Արեւմտեան Պլոքի նուիրած  զինամթերքը կ՚ոչնչացնէ «Քալիպր» հրթիռներով

Ռուսական բանակը Զափորոժիէի մէջ «Քալիպր» հրթիռներով ոչնչացուցած է ուքրանական զինուած ուժերուն ԱՄՆ-ի եւ եւրոպական երկիրներու կողմէ մատակարարուած զէնքի եւ զինամթերքի մեծ խմբաքանակով անգարները: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, զօրավար Իկոր Քոնաշենովը:

«Զափորոժիէի ալիւմինումի գործարանի տարածքին մէջ բարձր ճշգրտութեան ծովային հեռահարութեան «Քալիպր» հրթիռները ոչնչացուցած են անգարներ օտարերկրեայ զէնքի եւ զինամթերքի մեծ խմբաքանակով, որոնք մատակարարուած են ԱՄՆ-ի եւ եւրոպական երկիրներու կողմէ ուքրանական զօրքերու համար», ըսած է Քոնաշենքովը:

Ան յայտնած է, որ Ռուսաստանի օդատիեզերական ուժերու մարտավարական եւ բանակային օդային ուժերը գիշերը հարուածած են Ուքրանիոյ 59 ռազմական կէտ:

Ընդհանուր առմամբ, Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան սկիզբէն Ռուսաստանի Զինուած ուժերը ոչնչացուցած է 607 անօդաչու թռչող սարք, 2596 հրասայլ եւ զրահամեքենայ, ինչպէս նաեւ 296 բազմակի հրթիռային կայան: