Քիեւի քաղաքապետը յայտնած է, որ այս գիշեր Ռուսիան պալիսթիք հրթիռներով հարուածած է Ուքրանիոյ մայրաքաղաքը: Վիթալի Քլիչքոյի խօսքով՝ քաղաքի տարբեր շրջաններու մէջ հրդեհներ բռնկած են, վնասուած են բնակելի շէնքեր։ Իշխանութիւնները յայտնած են մէկ զոհի եւ առնուազն 10 վիրաւորի մասին:
Ռուսական ուժերը հարուած հասցուցած են նաեւ Տնեփրի շրջանի մանկապարտէզին՝ յայտնած է Քիեւի քաղաքային ռազմական վարչակազմի ղեկավարը: Անոր խօսքով՝ Տնեփրի ձախ ափին կը շարունակուի հրդեհներու տեղայնացումը քանի մը շրջաններու մէջ։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ յայտնած է, որ անցած գիշերուան ընթացքին ՀՕՊ-ի հերթապահ միջոցները որսացած եւ ոչնչացուցած են ուքրանական 121 անօդաչու թռչող սարք, այդ շարքին՝ Մոսկուայի, Լենինկրատի, Ռոսթովի, Վոլկոկրատի, ️ ️Պրեանսքի, Քալուկայի, Սմոլենսքի, Պելկորոտի մարզերու երկինքին մէջ: