image

Ռուսաց խաղաղապահները օժանդակութիւն մատուցեցին Մարտունիի աւելի քան 1000 բնակիչի

Ռուսաց խաղաղապահները օժանդակութիւն մատուցեցին Մարտունիի աւելի քան 1000 բնակիչի

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի մասնագէտները «Մերսի» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչին հետ միասին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած են Լեռնային Ղարաբաղի հեռաւոր շրջաններուն մէջ բնակող բազմազաւակ ընտանիքներու եւ տեղահանուած անձերու:

«Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի ուժերով այսօր օգնութիւն իրականացուած է Գիշի համայնին մէջ: Օգնութիւնը կատարուած է միջնակարգ դպրոցին մէջ, ուր 150 աշակերտ կայ: Առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ դասարաններու աշակերտներուն աւելի քան 50 նուէր յանձնուած է՝ պայուսակ, գրչատուփ, գրիչներ, տետրեր, մատիտներ, ինչ պէտք կ'ունենան դասերու ժամանակ: Տուեալ բնակավայրին մէջ աւելի քան 1000 մարդ կ'ապրի, որոնցմէ իւրաքանչիւրին անհատական նուէրներ յանձնուած է՝ բաճկոններ, վերնազգեստներ, հագուստ՝ փոքրերու եւ մեծահասակներու համար», ըսած է խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչ Տմիթրի Թուսիտին:

Մարդասիրական օգնութիւն փոխանցուած է նաեւ Մարտունիի շրջանի Գիշի համայնքի մանկապարտէզին մէջ: Գիւղի բնակիչներուն աւելի քան 2 թոն օգնութիւն փոխանցած են՝ դպրոցական պարագաներ, մանկական եւ մեծահասակներու կօշիկներ, հագուստ:

Կը նշուի, որ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրուած է նաեւ Շուշիէն տեղահանուած բնակիչներուն: