image
Հրատապ լուրեր:

Ռուս-ուքրանական պատերազմի մեղաւորը Արեւմուտքն է․ Օրպան

Ռուս-ուքրանական պատերազմի մեղաւորը Արեւմուտքն է․ Օրպան

Հունգարիոյ վարչապետ՝ Վիքթոր Օրպան ըսած է, որ կարելի էր խուսափիլ Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումէն, եւ որ ինքը այդ կը համարէ արեւմտեան դաշնակիցներու մեղքը, որոնք չեն համակերպուած Վլատիմիր Փութինի պահանջներուն հետ, որոնք կը հակասեն Ուքրանիոյ շահերուն, գրած է Telax-ը։

Օրպան նշած է, որ Քրեմլին 2021-ի վերջաւորութեան եւ 2022-ի սկիզբին առաջադրած է անվտանգութեան յատուկ պահանջներ, որոնք փոխանցուած են ԱՄՆ-ին եւ ՆԱԹՕ-ի անդամներուն, մասնաւորապէս, որ Ուքրանիան երբեք պէտք չէ դառնայ դաշինքի անդամ։

«Ռուսիոյ պահանջները մերժուեցան՝ յայտարարելով «բաց դռներու» քաղաքականութեան շարունակութեան մասին»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ մերժումն է պատճառը, որ Ռուսիան որոշեց ուժով ապահովել այն, ինչ չի կրնար ստանալ բանակցութիւններով։

Վարչապետը նաեւ ըսած է, որ  իր կարծիքով, պատերազմ չէր ծագեր, եթէ այս վճռորոշ ամիսներուն ԱՄՆ-ի նախագահը ըլլար Տոնալտ Թրամբը, իսկ Գերմանիոյ վարչապետը՝ Անկելա Մերգելը։

Օրպանի կարծիքով, Եւրոպան ձախողեցաւ իր հնարաւորութիւնը՝ որպէս միջնորդ՝ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ, երբ Ֆրանսան եւ Գերմանիան կը մասնակցէին Մինսքի ձեւաչափին, բայց չկարողացան ապահովել այդ պայմանաւորուածութիւններու կատարումը, ուստի Քրեմլին այժմ կը փափաքի խօսիլ ոչ թէ եւրոպացիներուն, այլ Միացեալ Նահանգներուն հետ։