image

Ռուս ճարտարապետ. Արցախի մէջ շատ յուշարձաններ ենթակայ են ոչնչացման

Ռուս ճարտարապետ. Արցախի մէջ շատ յուշարձաններ ենթակայ են ոչնչացման

Արցախի շատ յուշարձաններ այժմ իրական ոչնչացման սպառնալիքի տակ են։ Այս մասին ըսած է ռուսաստանցի ճարտարապետ Անտրէյ Իվանով, որ Երեւանի մէջ կը մասնակցէր «Պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը որպէս պետութիւններու միջեւ արդիւնաւէտ երկխօսութեան միջոց» միջազգային համագումարին։

Համագումարը, անոր խոսքով, կարեւոր է Արցախի յուշարձաններուն հանդէպ ուշադրութիւն գրաւելու տեսանկիւնէն։

«Առաջին հերթին, պէտք է սկսիլ այդ խնդիրներու լայն միջազգային լուսաբանումէն։ Բացի այդ, Հայաստանի պետական գերատեսչութիւնները պէտք է այս հարցը բարձրացնեն բոլոր հարթակներու վրայ։ Անհրաժեշտ է միջազգային վերահսկողութիւն», նշած է ան։

Իվանով պատմած է այս տարուան Յուլիսին Արցախ ուղեւորութեան մասին, ուր քանի մը օր անցուցած է։ «Այնտեղ հիանալի բնութիւն է, լաւ քաղաք է Ստեփանակերտը։ Այն աւելի լաւ դարձած է, քան 10 տարի առաջ էր։ Քաղաքը վերջին պատերազմի աւերածութիւններէն յետոյ վերականգնուած է։ Ապագային պատրաստ եմ զբաղելու հետազօտութիւններով Արցախի մէջ, եթէ համապատասխան հրաւէր ըլլայ», ըսած է ան։