image

Ռուպիոն Սուրիոյ ԱԳ նախարարի հետ քննարկած է պատժամիջոցներու կասեցումը

Ռուպիոն Սուրիոյ ԱԳ նախարարի հետ քննարկած է պատժամիջոցներու կասեցումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօն հեռախօսազրոյց ունեցած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասատ Հասան ալ-Շայպանիի հետ, որու ընթացքին անդրադարձած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Սուրիոյ նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու ծրագիրը եւ ազգային արտակարգ դրութիւնը դադրեցնելու «պատմական գործողութիւններուն»: Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Ռուպիոն հաստատած է, որ պիտի քննարկէ հետագայ քայլերը՝ վերանայելու Սուրիոյ առնչուող ահաբեկչական դասակարգումներն ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ, այնպէս ալ ՄԱԿ-ի կողմէ ներքին եւ ՄԱԿ-ի կողմէ ահաբեկչական դասակարգումներու վերանայման հետագայ քայլերը:

«Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ընդգծած է իր մտադրութիւնը՝ պահպանելու պատժամիջոցները որոշ «չարագործ գործիչներու», այդ շարքին՝ Պաշշար Ասատի, անոր համախոհներու եւ այլ անձանց նկատմամբ, որոնք կը սպառնան Սուրիոյ եւ միջազգային անվտանգութեան: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնած է, որ այս համատեղ քայլերը պիտի նշանաւորեն նոր էջի մեկնարկ՝ թէ՛ սուրիացի ժողովուրդի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներ-Սուրիա յարաբերութիւններու համար»,- նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուպիոն եւ ալ-Շայպանին քննարկած են նաեւ այլ հարցեր, որոնք համատեղ մտահոգութիւն կ՚առաջացնեն, այդ շարքին՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, Իրանը, Իսրայէլ-Սուրիա յարաբերութիւնները եւ Ասատի իշխանութեան քիմիական զէնքի ծրագրի մնացորդներու ոչնչացումը: